Մայիս 28, 1918 may 28, 1918 · ‣Երկրին սահմաննե՞րը բնորոշելու...
TRANSCRIPT
Յարութիւն Մըսրլեան (2013)
ԱՄՆ-ի ամեն մէկ նահանգ ունի իւրայատուկ կրթական ծրագիր մը իր նախակրթարանի աշակերտութեան համար
Ի՞նչ կը սորվեցնեն
Մանկավարժական (pedagogic) ինչպիսի՞ ձեւերով կամ մօտեցումներով կը սորվեցնեն
Ասոնցմէ որո՞նք յարմար կամ պատշաճ են մեր դպրոցներուն համար
Ի՞նչ է քարտէսը...
Բանանք երկրի մը քարտէսը եւ հարցնենք
“Ինչո՞ւ եւ որո՞ւն համար պատրաստուած է այս քարտէսը...”
‣ Երկրին սահմաննե՞րը բնորոշելու
‣ Երկրին դրացի երկիրներուն անուննե՞րը ստուգելու
‣ Երկրին քաղաքներուն, լիճերուն, լեռներուն, գետերուն եւ ...այլ բաներու ո՞ւր ըլլալը ցոյց տալու
‣ Պատմական եղելութիւններու վայրե՞րը մատնանշելու
‣ Պատմական իրադարձութիւններ ե՞րբ կամ ո՞ր դարուն պատահած ըլլալը գիտնալու
‣ Թէ՝ վերոյիշեալ ...ԲՈԼՈՐԸ
Ժողովուրդի մը պատմութիւնն ու երկիրը զիրար կապողը, զիրար միացնողը ա՛յդ երկրին քարտէսն է
Քարտէսի միջոցաւ կարելի է երկրին ծանօթանալ
Քարտէսի միջոցաւ կարելի է երկրին ու անոր ժողովուրդին պատմութիւնը սորվիլ ...
Եւ անշուշտ՝ ա՛յդ պատմութիւնը կարելի է սորվեցնե՜լ նաեւ ուրիշներուն
Քարտէսը, ուրիշ խօսքով, պորտակապն է այս երկուքին
Երբ ուսուցման մակարդակ կ’ըսենք, անհրաժեշտ է նկատի առնել հետեւեալ երկու կէտերը
1. Կարեւոր է նախ ճշդել թէ պատմութիւնը որո՞ւն է որ
կը փորձենք սորվեցնել (տարիքը աշակերտին) 2. Ըմբռնել տարբերութիւնը դաս տալու
պատրաստակամութիւնը (willingness) ունեցող ուսուցուչին եւ դաս տալու պատրաստութիւնը (qualification) ունեցող ուսուցիչին միջեւ
Մանկապարտէզէն մինչեւ նախակրթական դասարաններու աշակերտութիւն ունինք
Ունինք աշակերտներու տարիքի հարց
Ունինք աշակերտներու մակարդակը համադրելու հարց
Ունինք աշակերտին հայախօս կամ անգլիախօս ըլլալու հարց
Ունինք ուսուցիչներու պակասի հարց
Ունինք նաեւ, ուսուցիչներու մակարդակը շարունակաբար բարելաւելու եւ արդիականացնելու հարց
Երկլեզու եւ գունաւոր քարտէսներով ու պատկերներով նկարազարդարուած այս Ատլասը պատրաստուած է յատկապէս
• Ուսուցիչներու համար, • Աշակերտներու համար, • Եւ անշուշտ՝ հայոց պատմութեամբ հետաքրքրուող հանրութեան համար
Ատլասը կարելի է գործածել իբր դասագիրք
Պարզ է որ այս Ատլասը մեր վարժարաններու բարձրագոյն դասարաններու աշակերտներուն համար աւելի յարմար է ու մատչելի
Հայոց պատմութեան դասերը կարելի է սկսիլ տարրական այս երկու հարցումներով
• Աշխարհի քարտէսին վրայ՝ ո՞ւր է Հայաստանը • Այսօր՝ որքա՞ն մեծ ... կամ փոքր երկիր մըն է Հայաստանը (խօսքը՝ հողատարածքի մասին է)
‣ Հետքրքրութիւն ստեղծող հարցումներով սկսիլ
Կա՛ն դասեր՝ որոնք պատրաստուած են իբր ցուցմունք Ուսուցիչէն աշակերտին (Teacher- oriented lesson plans)
Դասեր ալ կան որոնք թէ՛ ուսուցիչին եւ թէ՛ աշակերտին ներդրումով կարելի է մշակել (Student- oriented lesson plans)
Դասերը ծրագրուած պէտք է ըլլան (Lesson plans)
Օրինակի համար...
Ա՛յս է մեր աշխարհի քարտէսը... Գիտէ՞ք հիմա ուր ենք մենք...
Ու՞ր է մեր Ամերիկան... Ու՞ր է մեր Հայաստանը... Հայաստանի “շուրջը” գտնուող, կը տեսնէ՞ք այդ երեք ծովերը...
Ահա երեք ծովերը... Եւ... երեք լիճերը Կողմնացոյցը՝ Հայաստանը գտնելու
Դարերու ընթացքին կը փոխուին երկիրներու սահմանները
Կը փոխուին նաեւ երկիրներու տէրերն ու անոնց անունները
Մնայուն են միայն երկրին մէջ կամ շուրջը գտնուող ծովերը, լիճերն ու լեռները ...
Ո՞ւր է այսօրուան Հայաստանը Երեք ծովեր Միջերկրական Ծով Սեւ Ծով Կասպից Ծով Երեք լիճեր Վանայ Լիճ Սեւանայ Լիճ Ուրմիոյ Լիճ
Չինական առածը կ’ըսէ , “ՄԷ՛Կ պատկերը աւելի ՜ լաւ է ... քան ` ՀԱԶԱՐ բառերը...”
Նոր «բան մը» , նոր «նիւթ մը» , նկարով կամ քարտէսի միջոցաւ ներկայացնել աշակերտին, որ այդ նորութիւնը աւելի թափանցիկ դառնայ
Դէպք մը, գաղափար մը աւելի մատչելի եւ տպաւորիչ կը դառնայ երբ աշակերտը կրնայ հասկնալ կապը այդ դէպքին ու քարտէսին միջեւ
Օրինակի համար...
Առաջին
Քրիստոնեայ Պետութիւնը
Մեր Այբուբենը
Մեր Ոսկեդարը
Յիշէ այդ
դարերու մեր Հայաստանը
Ո՞ւր է Վաղարշապատը (էջմիածին) Ո՞ւր է Դուինը Ո՞ւր է Հացեկաց գիւղը Եւ ու՞ր է Աւարայրը
“I have no clue where they were from!” Պատրաստէ՛ քու Տոհմածառը...
Պատմութիւնը սորվեցուցած ատեն յաճախ հին- հին «բաներ»ու մասին կը խօսինք
Ներկայի կարեւոր պատահարներն ալ (current events) մաս պէտք է կազմեն դասերը հետաքրքրական դարձելու համար
ՀՈՂԱՅԻՆ ՏԱՐԱԾՔ
State Area (sq. miles) Area (sq. km.)
Illinois 57,915 149,998 Maryland 12,407 32,133 Massachusetts 10,554 27,336 Michigan 96,716 250,493 New Jersey 8,729 22,608 New York 54,556 141,300 Pennsylvania 46,058 119,290 Rhode Island 1,212 3,140 Wisconsin 65,497 169,687 Armenia Nagorno Karabagh
ԲԱՂԴԱՏՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ
State Area (sq. miles) Area (sq. km.) Times of Armenia
Illinois 57,915 149,998 5.03 Maryland 12,407 32,133 1.08 Massachusetts 10,554 27,336 0.91 Michigan 96,716 250,493 8.42 New Jersey 8,729 22,608 0.76 New York 54,556 141,300 4.75 Pennsylvania 46,058 119,290 4.01 Rhode Island 1,212 3,140 0.1 Wisconsin 65,497 169,687 5.7 Armenia 11,484 29,742 Nagorno Karabagh 4,424 11,458 0.39
Համացանցի գործածութիւնը
Համացանցի օգտագործումը
Ընդհանուր տեղեկութիւններու գանձ
Զանազան նիւթերու հանք
Զանազան քարտէսներու աղբիւր
Ա յսօր՝ համացանց ը չօգտագործող ուսուցիչը, անկախ իր քանի տարուան փորձառութիւն ունենալէն, ԺԱՄԱՆԱԿԱՎՐԷՊ ուսուցիչ կը դառնայ ...
Մեր փնտռած ԲՈԼՈՐ տեղեկութիւնները GOOGLE – ի միջոցաւ կարելի չէ գտնել
Մասնաւորաբար՝ հետազօտութեան (Research) կարիքն ունեցող նիւթերը
Քարտէսը Եւ ... Դէպի Արեւմուտք Նայողը...
Ամերիկայի քարտէսը իր յիսուն նահանգներով
Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ունի Տասը Մարզեր
◦ Արագածոտն ◦ Արարատ ◦ Արմաւիր ◦ Գեղարքունիք ◦ Լոռի ◦ Կոտայք ◦ Շիրակ ◦ Սիւնիք ◦ Վայոց Ձոր ◦ Տաւուշ
Արցախը ունի հինգ մարզեր Ասկերան Հադրութ Մարտակերտ Մարտունի Շուշի
Նկատի
առնել Հայաստանի սահմանները
Նկատի
առնել Նախագահ Ուիլսընի գծած Հայաստանի սահմանները
Արեւմտեան Հայաստանը
Նախիջեւանը
Հիւսիսային Ղարաբաղը
Ջաւախքը
Բռնագրաւուած կը մնան
Բագրատու-նիները
Արծրունիները
Ո՞ւր է Դուինը Ո՞ւր է Անին Ո՞ւր է Կարսը Ու՞ր է Վանը Ո՞իր է Մուշը
Գտի՛ր
Հռոմկլան
Լամբրոնը
Սիսը
ՎԱՂԱՐՇԱՊԱՏ (Ս. Էջմիածին) 303 – 305 Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչով սկսեալ Որմէ յետոյ՝ 1. ԴՈՒԻՆ .................................. 485-ին (Մանդակունիի ատեն) 2. ՁՈՐԱՎԱՆՔ եւ ԱՂԹԱՄԱՐ 927-ին (Յովհան Պատմաբանի ատեն) 3. ԱՐԳԻՆԱ .............................. 947-ին (Անանիա Մոկացիի ատեն) 4. ԱՆԻ ........................................ 922-ին (Սարգիս Սեւանցիի ատեն) 5. ԹԱՒԲԼՈՒՐ .......................... 1062-ին (Խաչիկ Բ. Անեցիի ատէն) 6. ԾԱՄՆԴԱՒ ........................... 1072-ին (Գրիգոր Մեծ Վկայասէրի ատեն) {արդի Կեսարիոյ մօտ} 7. ԾՈՎՔ – ԴՂԵԱԿ .................. 1116-ին (Գրիգոր Գ. Պահլաւունիի ատէն) {արդի Անթէպի մօտ} 8. ՀՌՈՄԿԼԱՅ ......................... 1149-ին (դարձեալ Գրիգոր Պահլաւունիի ատեն) (արդի Անթէպի մօտ) 9. ՍԻՍ ....................................... 1293-ին (Գրիգոր Է. Անաւարզեցիի ատեն) {մայրաքաղաք Կիլիկիոյ Թագ.} 10. Դարձեալ ՎԱՂԱՐՇԱՊԱՏ 1441-ին (Գրիգոր Թ. Մուսաբէկեան եւ Կիրակոս Վիրապեցիի ատեն)
*Հետեւեալ տեղեկութիւնը առնուած է Բաբգէն Ա. Աթոռակից Կաթողիկոսի «Պատմութիւն Կաթողիկոսաց Հայոց » գործէն, (1939), (էջ 6 - 8):
Chesapeake Bay Bridge - Tunnel Չէսափիք Ծոցի Կամուրջ – Փապուղին 17.6 մղոն երկարութիւն ունեցող ճամբան
Բաղդատել ա՛յս ճամբան... Հայոց Պատմութեան դարաւոր տեսանելի եւ անտեսանելի ճամբուն հետ ... Կա՞ յ , թէ՝ չկա՜յ ...
Chesapeake Bay Bridge-Tunnel
Կա՛յ...