tuesday 13 05 14, volume # 9 , issue # 87

17
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԸ ՈՐՔԱՆՈՎ ԻՐ ՀԱՅ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՌՉԱԾ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ ՍԻՊԻԼԱ ՄԱԼԵԱՆ-ՓԱՋԱՆԵԱՆ Երեքշաբթի, 13 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 87 էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: Ցեղասպանութեան անագորոյն թուականէն մինչեւ օրս, Սփիւռքն ու Հայաստանը դիմագրաւեցին զանազան մարտահրաւէրներ, յատկապէս «Լիբանանեան Սփիւռքը»՝ երբ «ներգաղթ» ապրեցաւ, մէկ բնակավայրէն ուրիշ մը՝ լիբանանահայութեան մեծ տոկոսը գաղթեց, Միացեալ նահանգներ կամ Քանատա. նաեւ Հայաստանէն բնիկ քաղաքացին արտագաղթեց դէպի Ռուսիա ու Ամերիկա: Այստեղ տեղին է յիշել թէ որոշակի տոկոսային հաշւով եղա՛ն հայեր, որոնք արտասահմանէն վերադարձան հայրենիք ու հո՛ն հաստատուեցան: Սոսկ էական հարցը հո՛ս այլ ուրիշ բան մընէ, բացատրենք: 1915-էն մինչեւ 1991, Հայաստանի հանրապետութեան անկախութեան թուականը, Սփիւռքի հայերը երկու հիմնական փուլերէ անցան: Օրուայ Յօդուածը Վերջին քանի մը տարիներուն, Սփիւռքի «Քարտէսը» որոշ փոփոխութիւններու առկայ դարձաւ, հետեւաբար սոյն աշխարհագրական-քաղաքա- կան պատկերը տարբեր հեռանկարներու եւ մտորում- ներու ծնունդ տուաւ: www.facebook.com/RAGmamoul ՌԱԿ-ի Լուրեր Պէյրութ, Լիբանան ԹՄՄ-ի ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻ ԿԱԼԱ ԵԼՈՅԹԸ՝ «ԾԵՐՈՒՆԻՆ ԵՒ ԼԵՌԸ» (Տեսնել՝ էջ 4) Հայրենի Լուրեր - ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ (Տեսնել՝ էջ 6) - ՄԱՀԱՑԱԾ Է ԾԻԾԱՂԻ ԹԱԳՈՒՀԻՍՎԵՏԼԱՆԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ (Տեսնել՝ էջ 9) ԾԱՆՕԹ Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները, որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ, բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով մէկտեղ, ուղղել խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Upload: ramgavar-party

Post on 09-Mar-2016

217 views

Category:

Documents


2 download

DESCRIPTION

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.

TRANSCRIPT

Page 1: Tuesday 13 05 14, volume # 9 , issue # 87

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԸ ՈՐՔԱՆՈՎ ԻՐ ՀԱՅ

ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՌՉԱԾ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ

ՍԻՊԻԼԱ ՄԱԼԵԱՆ-ՓԱՋԱՆԵԱՆ

Երեքշաբթի, 13 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 87 էջ 1

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի:

Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը:

Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն

ներողամտութեան:

Ցեղասպանութեան անագորոյն թուականէն մինչեւ օրս,

Սփիւռքն ու Հայաստանը դիմագրաւեցին զանազան

մարտահրաւէրներ, յատկապէս «Լիբանանեան

Սփիւռքը»՝ երբ «ներգաղթ» ապրեցաւ, մէկ

բնակավայրէն ուրիշ մը՝ լիբանանահայութեան մեծ

տոկոսը գաղթեց, Միացեալ նահանգներ կամ Քանատա.

նաեւ Հայաստանէն բնիկ քաղաքացին արտագաղթեց

դէպի Ռուսիա ու Ամերիկա: Այստեղ տեղին է յիշել թէ

որոշակի տոկոսային հաշւով եղա՛ն հայեր, որոնք

արտասահմանէն վերադարձան հայրենիք ու հո՛ն

հաստատուեցան: Սոսկ էական հարցը հո՛ս այլ ուրիշ

բան մընէ, բացատրենք:

1915-էն մինչեւ 1991, Հայաստանի հանրապետութեան

անկախութեան թուականը, Սփիւռքի հայերը երկու

հիմնական փուլերէ անցան:

Օրուայ Յօդուածը

9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1

Վերջին քանի մը տարիներուն,

Սփիւռքի «Քարտէսը» որոշ

փոփոխութիւններու առկայ

դարձաւ, հետեւաբար սոյն

աշխարհագրական-քաղաքա-

կան պատկերը տարբեր

հեռանկարներու եւ մտորում-

ներու ծնունդ տուաւ:

www.facebook.com/RAGmamoul

ՌԱԿ-ի Լուրեր Պէյրութ, Լիբանան

ԹՄՄ-ի ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻ

ԿԱԼԱ ԵԼՈՅԹԸ՝ «ԾԵՐՈՒՆԻՆ ԵՒ ԼԵՌԸ»

(Տեսնել՝ էջ 4)

Հայրենի Լուրեր - ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ

(Տեսնել՝ էջ 6)

- ՄԱՀԱՑԱԾ Է “ԾԻԾԱՂԻ ԹԱԳՈՒՀԻ”

ՍՎԵՏԼԱՆԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

(Տեսնել՝ էջ 9)

ԾԱՆՕԹ

Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները,

որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները

հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ,

բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով

մէկտեղ, ուղղել խմբագրութեանս հետեւեալ

հասցէին՝ [email protected]

Page 2: Tuesday 13 05 14, volume # 9 , issue # 87

Երեքշաբթի, 13 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 87 էջ 2

Առաջին շրջանը մինչեւ 70-ական թուականները, ուր հայը՝ (յատկապէս խօսքս լիբանանահայութեան կը

վերաբերի), կ'ապրէր ամուր գօտեպնդուած իրականութիւն մը: Ինքնիր պատեանին ներքեւ պատսպարուած,

հայեացքը դէպի հայրենիք, արմատախիլ եղած իր սպիներով մոլորուած ազգային ու հայրենասիրական

մակարդակներով ճիգ չխնայեց իր զանազան կեդրոններէն ու հաստատութիւններէն ներս սերունդները այդ

ուղղութեամբ զարգացնելու: Մինչեւ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի սկիզբը, որուն

հետեւանքով հազարաւոր լիբանանահայեր լքելով Լիբանանը, դիմեցին արտասահմանի տարբեր ափեր:

Բոլոր մակարդակներու վրայ լիբանանահայը կրեց մեծ կորուստներ՝ յատկապէս մարդուժի ծաւալուն

կորուստ:

Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, լիբանանահայութեան վերաբերեալ միակ

դրական կէտը եղաւ անոր չէզոք դիրքորոշումը: Քաղաքական ներքին մաքարումներու ընդմէջէն

լիբանանահայը իր երեք Կուսակցութիւններով եւ յարանուանութիւններով կարողացաւ նուազագոյն

վնասներով դուրս գալ: Սակայն այդ մէկը լիբանանեան քաղաքական հրապարակի վրայ կարգ մը

խմբաւորումներու կողմէ քննադատուեցաւ եւ «հայկական կէթոյի» երեւոյթին ակնարկութիւնները

շեշտուեցան:

1991... երկրորդ շրջան մը սկիզբ առաւ սփիւռքահայուն մօտ ընդհանրապէս եւ լիբանանահայուն՝

յատկապէս, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացման աւետումով իւրաքանչիւր հայու սիրտը

յոյսով ու բերկրանքով լիցքաւորուեցաւ: Միւս կողմէ «Թաէֆի» մէջ ստորագրուած համաձայնագրին հիման

վրայ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին վերջ դրուեցաւ, ստեղծուեցաւ Կարավարութիւն եւ

փլատակ Պէյրութը վերածնունդ ապրեցաւ:

Ճիշդ այս հանգրուանին լիբանանահայը որպէս կարեւոր մէկ մասնիկը լիբանանեան համայնապատկերին,

զարկ տուաւ իր կարգին երկրի բարգաւաճութեան եւ բարեկարգումին: Պատերազմի տարիներուն

կուտակուած փոշիներէն դուրս գալով իւրաքանչիւր կուսակցութիւն եւ յարանուանութիւն ներքին

բարեկարգումներու աշխատանքին լծուեցաւ եւ մասնաւորաբար իւրաքանչիւրը լիբանանեան գետնի վրայ

իր շինիչ ներկայութիւնը ապացուցելու ծրագիրներ մշակելու ձգտումներու ձեռնարկեց: լիբանանահայը

աւելի «Հայ» քան երբեք եկաւ յանգելու այն նպատակակէտին թէ իր երկհպատակութեամբ ան կարեւոր մէկ

մասնիկն է լիբանանեան փոքրամասնութեան մը ամբողջական խճապատկերին:

2000 Թուականէն ետք, լիբանանահայը իր երեք Կուսակցութիւններով պարտաւորութեան առջեւ դրուեցաւ

ընտրութիւն գոյացնելու ՝երկրին ընդհանուր ուղղահայեաց բաժանումին դիմաց Հայկական

Կուսակցութիւններ մեկնելով որոշ շահերէ հարկադրուեցան այլընտրութիւններ կատարելու հետեւաբար

հայկական պլոքը անէացաւ: 2005 Թուականին Վարչապետ Հարիրիի նահատակութենէն ետք, պատշաճելու

համար ներքին Քաղաքական պատկերին՝ լիբանանահայուն դիմագիծը այլափոխուեցաւ:

Իսկ նոր սերունդը այս բոլորին մէջ....

Լիբանանահայը վերջին 20 տարիներուն, յեղաշրջում մը ապրեցաւ: Երիտասարդ ուսանողը համալսարան

յաճախելով մօտէն շփման մէջ եղաւ իր եղբօր ո՛չ հայ ծագումով լիբանանցի երիտասարդին հետ: Հայ

երիտասարդը անդրադարձաւ թէ ինք նոյնքան լիբանանցի է որքան իր ոչ հայ ընկերը:

Page 3: Tuesday 13 05 14, volume # 9 , issue # 87

Նոյնիսկ եղան լիբանանահայեր որոնք անդամագրուեցան ոչ հայկական կուսակցութիւններու եւ

Շարժումներու: Եղան խառն ամուսնութիւններ եւ որոնց տոկոսը տարուէ տարի կը բազմանայ: Այս բոլորը իր

հակադարձութիւնը ունեցաւ հայկական վարժարաններուն, հայ ակումբներուն եւ մասնաւորաբար հայեցի

դաստիարակութեան: Տնտեսական վիճակի վատթարացումով վերջին 15 տարիներուն, Լիբանանի

ընկերատնտեսական աղէտը նոյնքան աւեր գործեց որքան քաղաքացիական պատերազմը, ուստի մեծ թիւով

ընտանիքներ ուղղուեցան արտասահման:Հետեւաբար հայկական վարժարաններու աշակերտներու թիւը

նուազում արձանագրեց տրուած ըլլալով, որ բազմաթիւ հայ ընտանիքներ իրենց զաւակները ոչ հայկական

վարժարաններ արձանագրեցին:

● Լիբանան-Հայաստան կապը իր յառաջընթաց մղումով բազմաթիւ տագնապներու վերջ դրաւ: Հ.Հ.

Դեսպանատան գործօն ներդրումը նաեւ լիբանանեան կեանքէն ներս իր դրական հետքը թողեց.յատկապէս

Սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումէն ետք երբ Հայաստանի հպատակութեան տուչութեան առիթի

շնորհումով մեծ թիւով լիբանանահայեր ընտրեցին հաստատուիլ հայրենիք եւ կամ ծրագիրներ մշակել

փայլուն ապագայի մը տեսլականով:

Իսկ Հայ դատը այս բոլորին մէջ... Արդէն իսկ կը գտնուինք 100 ամեակի սեմին, եւ որպէս լիիրաւ

իրաւատէրեր խիզախօրէն հայը կը մնայ կառչած իր պահանջատիրութեան մինչեւ ճանաչում եւ հատուցում:

Սակայն լիբանանահայ երիտասարդը իր առօրեայէն ներս, ցաւօք սրտի, առաջնահերթութիւնը իր

ասպարէզին եւ իր անմիջական ընկերային զուարճալի միջավայրին շնորհած է եւ տարբեր հեռանկարներ

ուրուագծուած են անոր մտքին մէջ:

● Այստեղ հարցադրումի մը տեղ տալով կ'ըսենք.միթէ Հայ Դատին անլուծելիութիւնը եւ Թուրքին կողմէ

հայկական ցեղասպանութեան հերքումը որքանո՞վ շահեկան եւ դրական երեւոյթներ են, որքանո՞վ

սփիւռքահայը հայ կը պահեն... արդեօք երբ օր մը Հայկական հարցը լուծուի, Սփիւռքը պիտի մնա՞յ կառչած

իր հայկական պատկանելիութեան թէ էթնիք փոքրամասնութեան մը պիտի վերածուի եւ նոյնինքն տեղական

երկրին պիտի ձուլուի եւ անէանայ...

Մտահոգիչ երեւոյթներ կան որոնց լուծումը անհրաժեշտ է: Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնները

վերատեսութեան ենթարկուելու են: Հեռաւոր ժամկէտի ծրագիրներ ուսումնասիրուելու են. այդ

ծրագիրներէն՝ առաջին հերթին գործադրուած, Հայաստանի քաղաքացիութեան տուչութիւնը որ խոհեմ

նախաքայլ մըն էր, սփիւռքահայը հայրենիքին կառչած պահելու յատկապէս երիտասարդները հայ պահելու

ձգտումով: Ուսման առիթ ընծայելով Հ.Հ Համալսարաններու դռները սփիւռքահայուն դիմաց լայն բացուած

ըլլալու են, որուն շնորհիւ մատչելի առիթներուն ձեռնտու ըլլալով հայ երիտասարդը ինքզինք ապահով

միջավայրի մէջ զգալով աւելի կը կապուի հայրենիքին եւ անոր ի սպաս ծառայելու ձգտումը կ'աճի իր մէջ:

Մինչ Սփիւռքի մէջ եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ անհրաժեշտութիւն մըն է հայ ուսանողը հայ վարժարանէն

ներս պահելու գրաւականը: Այս իսկ պատճառով լաւագոյն ձեւը պիտի ըլլայ հայերէն լեզուն եւ

պատմութիւնը մատչելի դարձնել աշակերտին նորագոյն Պատմութեան դասագրքերով, արդիական

լսատեսողական միջոցները օգտագործելով ինչպէս նաեւ ուսուցիչներու վերակազմաւորման եւ

պատրաստութեան յոյժ կարեւոր ընթացքին զարկ տալով եւ ոչ հայկական վարժարաններ յաճախող

աշակերտութեան սրտին մէջ վերակենդանացնել հայրենասիրութեան եւ պատկանելիութեան ջահը,

որպէսզի Հայը իր երկու թեւերով՝ Սփիւռք-Հայրենիք գոյատեւէ համաշխարհայնացման մրրկալից հողմերուն:

Պէյրութ, Լիբանան

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻ ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Ձեզմէ ազնուաբար պիտի խնդրէինք Ձեր յօդուածները ՝ նկարներով մէկտեղ, յետայսու ուղղել

խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Շնորհակալութիւն Ձեր ազնիւ գործակցութեան համար:

Երեքշաբթի, 13 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 87 էջ 3

Page 4: Tuesday 13 05 14, volume # 9 , issue # 87

Երեքշաբթի, 13 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 87 էջ 4

ՌԱԿ-ի Լուրեր

Պէյրութ, Լիբանան

ԹՄՄ-ի ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻ

ԿԱԼԱ ԵԼՈՅԹԸ՝ «ԾԵՐՈՒՆԻՆ ԵՒ ԼԵՌԸ» Կիրակի, 11 Մայիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին Պուրճ Համուտի Յակոբ Տէր Մելքոնեան Թատերասրահը

ժամադրավայրն էր լիբանանահայ արուեստասէր հանրութեան, որոնք եկած էին ներկայ գտնուելու

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Երուանդ Օտեան Թատերախումբին վերջին գործին՝ «Ծերունին եւ Լեռը»

կալա ելոյթին, որ կազմակերպուած էր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային

Վարչութեան հովանաւորութեամբ:

Արդարեւ հոգեւորականներու, ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի աւագանիին, ՀՀ Դեսպանատան ներկայացուցիչներուն,

պետական հայ երեսփոխաններու, քոյր կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ

մշակութասէր հոծ հանրութեան ներկայացուեցաւ երգիծայուզախառն բացառիկ գործ մը ՝ Քեսապցի Հայ

ընտանիքի մը ոդիսականն ու հոգեկան ապրումները, երբ անոնք ատենին լքելով Քեսապը փոխադրուած են

Հայաստան, անկէ ալ մեկնելու համար Ամերիկա: Դէպի Ամերիկա ուղեւորութեան ընթացքին անոնք

Ֆրանսայի օդակայանին մէջ կ՛ապրին հոգեկան տագնապներ՝ երբ ընտանիքին ծերունին կ՛ուզէ

վերադառնալ Քեսապ, մինչ զաւակները կ՛ուզեն շարունակել իրենց ճամբան դէպի Ամերիկա:

Արդարեւ հոգեւորականներու, ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի աւագանիին, ՀՀ Դեսպանատան ներկայացուցիչներուն,

պետական հայ երեսփոխաններու, քոյր կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ

մշակութասէր հոծ հանրութեան ներկայացուեցաւ երգիծայուզախառն բացառիկ գործ մը ՝ Քեսապցի Հայ

ընտանիքի մը ոդիսականն ու հոգեկան ապրումները, երբ անոնք ատենին լքելով Քեսապը փոխադրուած են

Հայաստան, անկէ ալ մեկնելու համար Ամերիկա: Դէպի Ամերիկա ուղեւորութեան ընթացքին անոնք

Ֆրանսայի օդակայանին մէջ կ՛ապրին հոգեկան տագնապներ՝ երբ ընտանիքին ծերունին կ՛ուզէ

վերադառնալ Քեսապ, մինչ զաւակները կ՛ուզեն շարունակել իրենց ճամբան դէպի Ամերիկա:

Page 5: Tuesday 13 05 14, volume # 9 , issue # 87

Երեքշաբթի, 13 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 87 էջ 5

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն

նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան

Նշենք, թէ Վաչէ Ատրունիի հեղինակութեամբ եւ երիտասարդ դերասաններու լաւ կատարողութեամբ, այս

թատերական գործը սկսած էր պատրաստուիլ Քեսապի վերջին ցաւալի դէպքերէն առաջ:

Տեղին է նաեւ նշել, որ ԹՄՄ-ի Երուանդ Օտեան Թատերախումբը լիբանանահայ բեմին վրայ կը գործէ 2010

թուականէն ի վեր: Բեմադրիչն է արուեստագէտ Վաչէ Ատրունին, իսկ տնօրէնը՝ դերասան Տիրան

Սարգիսեան: Իր հիմնադրութենէն ի վեր, Երուանդ Օտեան Թատերախումբը շարունակաբար յաջողած է

բեմ բարձրացնել տարեկան երկու գործ, մին մանկապատանեկան իսկ միւսը մեծահասակներու:

Page 6: Tuesday 13 05 14, volume # 9 , issue # 87

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 8 մայիս 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ

ընդունեց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը։

Հանդիպման սկիզբը Վեհափառ Հայրապետը առանձնական հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանչիսկոս

քահանայապետին հետ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ պատուիրակութեան անդամներու ներկայացում ու ապա

ճառերու եւ նուէրներու փոխանակում։ Հանդիպումի աւարտին Առաքելական պալատի Ռէտէմթորէս

Մաթեր մատրան մէջ տեղի ունեցաւ միասնական աղօթքի պահ մը, որուն մասնակցեցան նաեւ՝

Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ վարժարանի տեսչական կազմը եւ ժառանգաւորները։

Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին ու պատուիրակութեան անդամներուն ուղղած իր ճառին մէջ

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ.

«Նորին Սրբութիւն, սիրելի եղբայրներ ի Քրիստոս, ուրախ եմ ձեզի ուղղելու բարի գալուստի ողջոյնս եւ ձեր

անձին միջոցաւ այս ողջոյնը փոխանցելու սփիւռս աշխարհ` Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ընտանիքի

բոլոր անդամներուն։

«Յատուկ շնորհք մըն է իրարու հանդիպիլ, սուրբ Պետրոս առաքեալի դամբանին մօտ ու միասնաբար կիսել

եղբայրական ու աղօթքի պահեր» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը անդրադառնալով՝ Հռոմի Եկեղեցւոյ եւ

Հայրենի Լուրեր

Երեքշաբթի, 13 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 87 էջ 6

Page 7: Tuesday 13 05 14, volume # 9 , issue # 87

ԾԱՆՕԹ՝

Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները, որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները

հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ, բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով մէկտեղ, ուղղել

խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Երեքշաբթի, 13 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 87 էջ 7

Այնպէս ինչպէս առաջին դարերու Եկեղեցւոյ մէջ,

նահատակներու արիւնը դարձաւ նոր

քրիստոնեաներու սերմ, այնպէս ալ մեր օրերուն

բազմաթիւ քրիստոնեաներու արիւնը դարձաւ

միութեան սերմ։

«Չարչարանքի եւ նահատակութեան

համամիութիւնը զօրեղ կոչ մըն է միասնաբար

ընթանալու Եկեղեցիներու հաշտութեան,

վճռակամօրէն եւ վստահութեամբ յանձնուելով

Սուրբ Հոգիի ներգործութեան։

«Պարտականութիւնն ունինք եղբայրութեան այս

ճանապարհէն ընթանալու` նաեւ մեր

երախտագիտական պարտքը վճարելու բազմաթիւ

մեր եղբայրներու տառապանքին։ Ասոր համար կը

փափաքիմ շնորհակալութիւն յայտնել ձերդ

սրբութեան, համամիութեան երկխօսութեան ի

սպաս սատարին ու յատկապէս «Կաթողիկէ

Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ

աստուածաբանական երկխօսութեան միացեալ

յանձնախումբ»ի գործունէութեան եւ Ամենայն

Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներուն

աստուածաբանական որակաւոր ներդրումին»

Առաքելական Հայ Եկեղեցւոյ միջեւ վերջին տարիներուն արձանագրուած կապերու ամրապնդումին ու այս

ծիրէն ներս երջանկայիշատակ սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի, 2001 թուին, Հայաստան կատարած

այցելութեան ու Գարեգին Բ.ի զանազան առիթներով Վատիկան ժամանումին։

Սրբազան Քահանայապետը յատուկէն նշեց 2000 թուականին տեղի ունեցած` 20-րդ դարու ''Հաւատքի

վկաներու նշանակալից ոգեկոչման արարողութիւնը'' որուն մասնակցած էր նաեւ Գարեգին Բ. Ամենայն

Հայոց Կաթողիկոսը։ «Անցեալ դարու աղէտալի իրադարձութիւններու ընթացքին, -ըսաւ ան - Քրիստոսի

համար իրենց արիւնը թափող աշակերտներու թիւը շատ աւելի բարձր է, քան առաջին դարերու

նահատակներու թիւը եւ այս մարտիրոսներու յայսմաւուրքին մէջ հայ ազգի զաւակները պատուոյ տեղ կը

գրաւեն։ Խաչի խորհուրդը որ այնքան սիրելի է ձեր ազգի յիշողութեան եւ որ ներկայացուած է շքեղ

խաչքարերու ընդմէջէն որ ձեր երկրի իւրաքանչիւր անկիւնը կը զարդարեն, ապրուեցաւ ձեր բազմաթիւ

զաւակներու կողմէ որպէս չարչարանքի բաժակին մասնակցութիւն։ Անոնց վկայութիւնը, ողբերգական ու

միեւնոյն ատեն վեհանձն, երբեք պէտք չէ մոռցուի»:

«Նորին Սրբութիւն, սիրելի եղբայրներ, ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը, վերջին տարիներուն

քրիստոնեաներուն կրած չարչարանքները յատուկ կերպով սատարեցին Քրիստոսի աշակերտներու

միութեան։

Page 8: Tuesday 13 05 14, volume # 9 , issue # 87

ըսաւ Ֆրանչիսկոս պապը ու Ճառին աւարտին, մէջբերեց Սուրբ Գրային ընթերցումներէն համամիութեան

հայող հատուածներ ու ապա հրաւիրեց «աղօթել մէկը միւսին համար» ու աւելցուց. «Թող Սուրբ Հոգին մեզ

լուսաւորէ ու մեզ առաջնորդէ դէպի այնքան սպասուած օրը երբ պիտի կարենանք կիսել Հաղորդութեան

սուրբ զոհը»:

Սրբազան Քահանայապետը ճառը եզրափակեց յիշելով սուրբ Գիրգոր Նարեկացիի փառաբանական մէկ

աղօթքը եւ հայցելով Ամենասուրբ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը բոլոր հայ ազգի զաւակներուն համար,

այժմ եւ միշտ:

Source: http://hy.radiovaticana.va/index.asp

Երեքշաբթի, 13 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 87 էջ 8

ԾԱՆՕԹ՝

Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները, որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները

հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ, բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով մէկտեղ, ուղղել

խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Page 9: Tuesday 13 05 14, volume # 9 , issue # 87

Երեքշաբթի, 13 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 87 էջ 9

ՄԱՀԱՑԱԾ Է “ԾԻԾԱՂԻ ԹԱԳՈՒՀԻ”

ՍՎԵՏԼԱՆԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Մահացած է հայ թատրոնի յատնի դերասանուհի՝ ՀՍՍՀ ժողովրդական արտիստ, Հ. Պարոնեանի

անուան երաժշտական քոմետիայի թատրոնի դերասանուհի, “ծիծաղի թագուհի” Սվետլանա

Գրիգորեան:

«Կեանքից հեռացաւ կեանք ու ժպիտ պարգեւողը, ծիծաղի թագուհին, որը 60 տարուց աւելի մարդկանց

խինդ նուիրեց, ստեղծեց այնպիսի բեմատիպարներ, որոնք միշտ կը մնան մեր բեմարուեստի

պատմութեան մէջ: Սուետլանայ Գրիգորեանի կեանքը թատրոնին անմնացորդ նուիրման վառ օրինակ

էր, նրա համար թատրոնն ընտանիք էր, սէր էր, կեանք էր»,- ըսած է ՀԹԳՄ նախագահ Յակոբ

Ղազանչեան:

Սվետլանա Գրիգորեան ծնած է 1930-ի Սեպտեմբեր 30-ին, Երեւան: Բեմ բարձրացած է 13

տարեկանին, երբ թատերական ուսումնարանի սան էր: Աւարտած է Երեւանի գեղարուեստա-

թատերական ինստիտուտը:

1949թ-էն, Վարդան Աճեմեանի հրաւէրով, խաղացած է Երեւանի Պարոնեանի անուան երաժշտական

քոմետիայի թատրոնէն ներս: Խաղացած է աւելի քան 150։

«Կեանքից հեռացաւ կեանք ու ժպիտ

պարգեւողը, ծիծաղի թագուհին, որը 60

տարուց աւելի մարդկանց խինդ նուիրեց,

ստեղծեց այնպիսի բեմատիպարներ,

որոնք միշտ կը մնան մեր բեմարուեստի

պատմութեան մէջ: Սուետլանայ

Գրիգորեանի կեանքը թատրոնին

անմնացորդ նուիրման վառ օրինակ էր,

նրա համար թատրոնն ընտանիք էր, սէր

էր, կեանք էր»,- ըսած է ՀԹԳՄ նախագահ

Յակոբ Ղազանչեան:

Սվետլանա Գրիգորեան ծնած է 1930-ի

«Կեանքից հեռացաւ կեանք ու ժպիտ պարգեւողը,

ծիծաղի թագուհին, որը 60 տարուց աւելի մարդկանց

խինդ նուիրեց, ստեղծեց այնպիսի բեմատիպարներ,

որոնք միշտ կը մնան մեր բեմարուեստի պատմութեան

մէջ: Սուետլանայ Գրիգորեանի կեանքը թատրոնին

անմնացորդ նուիրման վառ օրինակ էր, նրա համար

թատրոնն ընտանիք էր, սէր էր, կեանք էր»,- ըսած է

ՀԹԳՄ նախագահ Յակոբ Ղազանչեան:

Սվետլանա Գրիգորեան ծնած է 1930-ի Սեպտեմբեր

30-ին, Երեւան: Բեմ բարձրացած է 13 տարեկանին, երբ

թատերական ուսումնարանի սան էր: Աւարտած է

Երեւանի գեղարուեստա-թատերական ինստիտուտը:

1949թ-էն, Վարդան Աճեմեանի հրաւէրով, խաղացած է

Երեւանի Պարոնեանի անուան երաժշտական

քոմետիայի թատրոնէն ներս: Խաղացած է աւելի քան

150։

1958-ին եղած է հայ հեռուստաթատրոնի

հիմնադիրներէն մէկը:

Հիւրախաղերով հանդէս է եկած է աշխարհի բազմաթիւ

երկիրներու մէջ, արժանացած է բազմաթիւ

մրցանակներու՝ 2009-ին Լոս Անճելեսի մէջ անոր

յանձնուած է«Ծիծաղի թագուհի» տիտղոսը:

Արժանացած է ԽՍՀՄ վաստակաւոր, 1987-ին` ՀԽՍՀ

ժողովրդական արտիստի կոչման, նաեւ ՀՀ «Մովսէս

Խորենացի» ու Հայ եկեղեցւոյ «Սուրբ Սահակ-Սուրբ

Մեսրոպ» մետալներու:

1949թ-էն, Վարդան Աճեմեանի հրաւէրով, խաղացած է Երեւանի Պարոնեանի անուան երաժշտական

քոմետիայի թատրոնէն ներս: Խաղացած է աւելի քան 150։

1958-ին եղած է հայ հեռուստաթատրոնի հիմնադիրներէն մէկը:

Հիւրախաղերով հանդէս է եկած է աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ, արժանացած է բազմաթիւ

մրցանակներու՝ 2009-ին Լոս Անճելեսի մէջ անոր յանձնուած է«Ծիծաղի թագուհի» տիտղոսը:

Արժանացած է ԽՍՀՄ վաստակաւոր, 1987-ին` ՀԽՍՀ ժողովրդական արտիստի կոչման, նաեւ ՀՀ

«Մովսէս Խորենացի» ու Հայ եկեղեցւոյ «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» մետալներու:

Page 10: Tuesday 13 05 14, volume # 9 , issue # 87

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Page 11: Tuesday 13 05 14, volume # 9 , issue # 87

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/05/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

Page 12: Tuesday 13 05 14, volume # 9 , issue # 87

Տոմսերը ստանալու համար դիմել վարժարանիս քարտուղարութեան:

Page 13: Tuesday 13 05 14, volume # 9 , issue # 87
Page 14: Tuesday 13 05 14, volume # 9 , issue # 87
Page 15: Tuesday 13 05 14, volume # 9 , issue # 87
Page 16: Tuesday 13 05 14, volume # 9 , issue # 87
Page 17: Tuesday 13 05 14, volume # 9 , issue # 87

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող լուրեր եւ թղթակցութիւններ,

ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի

հասցէատէրերու, բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ բոլորին հասանելի կերպով,

մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր գրասենեակներուն մէջ սիրով

խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են ազգային առումով կենսական

հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝ Հայկականութեան:

ENJOY YOUR WORDBOOK presents over 1000 words in a

variety of lively and realistic settings. It gives to young

learners a sound and enjoyable introduction to the

presented Armenian/Arabic/English languages.

Order through email:

[email protected]