monday 09 06 14, volume # 9 issue # 106

17
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Թ.Մ.Մ.Ի ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 35-ԱՄԵԱԿԸ ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ Ատենապետ վրժ.ի հոգաբարձութեան Երկուշաբթի, 9 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 106, էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: քով գալով, Ապրիլ 15, 1979-ին Կլէնտէյլի մէջ կազմեցին իրաքահայերու Հայ Ընտանեկան Միութիւնը: Քանի մը շաբաթ ետք, հիմը դրուեցաւ միութեան համանուն Հայ Ընտանեկան Միութեան շաբաթօրեայ վարժարանին, նպատակ ունենալով անվճար հայերէն լեզու, երգ ու պար սորվեցնել նորահաս հայ սերունդին: Վարժարանը, ինչպէս քանիցս յիշած ենք, անվճար է. աշակերտներուն ալ մօտ 32 տարի անվճար դասագիրք տրամադրած ենք: Նմանապէս, դադարի ատեն զովացուցիչ կամ խմորեղէն տուած ենք անվճար: Միայն վերջին քանի մը տարիներուն է որ դասագիրքի գինը կը գանձուի աշակերտներէն, իսկ դպրոցը եւ դադարի զովացուցիչը նախկինին պէս անվճար են: Այս բոլորը 35 տարիէ ի վեր կը կատարուին, առանց պետական, համահայկական միութեան մը կամ կազմակերպութեան մը նիւթական օժանդակութեան: Օրուայ Յօդուածը www.facebook.com/RAGmamoul ՌԱԿ-ի Լուրեր 14 Մարտի Ուժերու Ընդհանուր Քարտուղա- րութիւնը Այցելեց Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոն (Տեսնել՝ էջ 6) Լուրեր Սփիւռքէն Վատիկան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վատիկանի Մէջ կը Խօսի Նահատակութեան Մասին (Տեսնել՝ էջ 8) Մշակութային էջեր Թուրքիա Ցեղասպանութեան Մասին «Մեր Սրտի Խոցը» Ֆիլմը Պիտի Արտադրէ (Տեսնել՝ էջ 10) «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ» Լոս Անճելոս հաստատուած խումբ մը նախկին իրաքահայեր իրար ԾԱՆՕԹ Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները, որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ, բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով մէկտեղ, ուղղել խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Upload: ramgavar-party

Post on 29-Mar-2016

222 views

Category:

Documents


5 download

DESCRIPTION

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.

TRANSCRIPT

Page 1: Monday 09 06 14, volume # 9 issue # 106

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Թ.Մ.Մ.Ի ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ

ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 35-ԱՄԵԱԿԸ

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ Ատենապետ վրժ.ի հոգաբարձութեան

Երկուշաբթի, 9 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 106, էջ 1

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի:

Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը:

Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն

ներողամտութեան:

քով գալով, Ապրիլ 15, 1979-ին Կլէնտէյլի մէջ կազմեցին

իրաքահայերու Հայ Ընտանեկան Միութիւնը:

Քանի մը շաբաթ ետք, հիմը դրուեցաւ միութեան

համանուն Հայ Ընտանեկան Միութեան շաբաթօրեայ

վարժարանին, նպատակ ունենալով անվճար հայերէն

լեզու, երգ ու պար սորվեցնել նորահաս հայ սերունդին:

Վարժարանը, ինչպէս քանիցս յիշած ենք, անվճար է.

աշակերտներուն ալ մօտ 32 տարի անվճար դասագիրք

տրամադրած ենք: Նմանապէս, դադարի ատեն

զովացուցիչ կամ խմորեղէն տուած ենք անվճար:

Միայն վերջին քանի մը տարիներուն է որ դասագիրքի

գինը կը գանձուի աշակերտներէն, իսկ դպրոցը եւ

դադարի զովացուցիչը նախկինին պէս անվճար են:

Այս բոլորը 35 տարիէ ի վեր կը կատարուին, առանց

պետական, համահայկական միութեան մը կամ

կազմակերպութեան մը նիւթական օժանդակութեան:

Օրուայ Յօդուածը

9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1

www.facebook.com/RAGmamoul

ՌԱԿ-ի Լուրեր 14 Մարտի Ուժերու Ընդհանուր Քարտուղա-

րութիւնը Այցելեց Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոն (Տեսնել՝ էջ 6)

Լուրեր Սփիւռքէն Վատիկան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վատիկանի

Մէջ կը Խօսի Նահատակութեան Մասին (Տեսնել՝ էջ 8)

Մշակութային էջեր Թուրքիա Ցեղասպանութեան Մասին «Մեր

Սրտի Խոցը» Ֆիլմը Պիտի Արտադրէ

(Տեսնել՝ էջ 10)

«Ճանաչել զիմաստութիւն եւ

զխրատ, իմանալ զբանս

հանճարոյ»

Լոս Անճելոս հաստատուած խումբ

մը նախկին իրաքահայեր իրար

ԾԱՆՕԹ

Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները,

որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները

հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ,

բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով

մէկտեղ, ուղղել խմբագրութեանս հետեւեալ

հասցէին՝ [email protected]

Page 2: Monday 09 06 14, volume # 9 issue # 106

Երկուշաբթի, 9 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 106, էջ 2

Շաբաթօրեայ այս վարժարանը կրցած ենք պահել շնորհիւ մեր թանկագին ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու եւ

վարչական պատասխանատուներու կամաւոր, անվճար ծառայութեան: Նմանապէս, այս վարժարանը կրցած

ենք պահել շնորհիւ մեծահոգի, թանկագին եւ գիտակից հայերու սրտաբուխ նուիրատուութեանց:

Այս պատուական ազգայինները, ընդառաջելով իրենց արեան կանչին, ամէն տարի մեզի հասցուցած են

իրենց նուէրները. անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ ծանօթ ալ չեն մեր վարժարանի վայրին եւ

պատասխանատուներուն: Վստահութեան եւ գիտակցութեան հարց է, եւ ատիկա մեզի կը ստիպէ, աւելի մեծ

նուիրումով, խղճմտանքով եւ նուիրուածութեամբ տանիլ մեր գործը, յօգուտ եւ ի շահ մեր նորահաս սերունդի

ազգային ոգիի եւ դիմագիծի պահպանման:

Վարժարանը սկսաւ 10-15 աշակերտով, քանի մը շաբաթէն այդ թիւը հասաւ 50-ի: Առաջին տարին, քանի մը

շաբաթ սրճարանի մը մէջ սկսելէ ետք, վարձեցինք Կլենտէյլի Acacia փողոցին վրայ գտնուող John Muir

նախակրթարանի մայր սրահը: Հոն աշակերտութեան թիւը մօտ 150-ի հասաւ: Ստիպուած եղանք աւելի մեծ

վայր մը վարձել, տեղաւորելու համար մեր աշակերտութիւնը: Ահա այդ տարիներուն՝ 1981-ին անցանք

Կլենտէյլի Colorado փողոցին վրայ գտնուող First Lutheran եկեղեցիին կալուածը, լման դպրոցաշէնքը

վարձելով՝ դասարաններով, մայր սրահով, ժողովասրահներով: 16 տարի այդ դպրոցաշէնքը գործածելով,

դպրոցի աշակերտութիւնը միշտ 175-200-250-ի կը հասնէր: Ունէինք մօտ 18-20 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ,

օգնականներ, հսկիչներ:

Page 3: Monday 09 06 14, volume # 9 issue # 106

Երկուշաբթի, 9 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 106, էջ 3

1998-ին, ընդառաջելով Թէքէեան Mշակութային Միութեան Կլենտէյլ-Փասատինայի մասնաճիւղի

վարչութեան այդ օրուան ատենապետ՝ Տիար Վարդան Նազարեանի հրաւէրին եւ վաւերացումով Թ.Մ.Մ.ի

Կեդրոնական վարչութեան փոխնախագահ՝ Տիար Ճորճ Մանտոսեանին, վարժարանը տեղափոխուեցաւ

Փասատինա, մաս կազմեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան, կրելով Թ.Մ.Մ.ի Հայ Ընտանեկան Միութեան

շաբաթօրեայ վարժարան անունը:

Սկզբնական շրջանին, Պէշկէթիւրեան շէնքի մայր սրահը եւ վերի յարկի բաժինները կը գործածէինք, 150-է

աւելի աշակերտներ ունենալով: Նկատի ունենալով, որ Պէշկէթիւրեան մայր սրահը միշտ ալ վարձուած է, եւ

շէնքին կարեւոր եկամուտի աղբիւրն է, վարժարանի պատասխանատուները որոշեցին կեդրոնի միայն վերի

մասը գործածել, մօտ 80-90 աշակերտ ընդունելով: Ներկայիս վարժարանի դասերը տեղի կ՛ունենան 1901 N.

Allen, Altadena, Վահան եւ Նարդուհի Պէշկէթուրեան կեդրոնին մէջ:

Դպրոցի կողքին ծնունդ տուած ենք գաղութիս մէջ գործող երեք պատուաբեր պարախումբեր: Առաջին երկու

խումբերը ծնունդ առին մեր դպրոցէն ներս, հիմնականօրէն մեր աշակերտներուն մասնակցութեամբ:

- Սերժ Պոտոյեանի «Հայրենիք» պարախումբը,

- Սամուէլ Նազարեանի «Վանուշ Խանամիրեան» պարախումբը,

- իսկ Ալթատինայի մեր նոր վայրին մէջ, «Հայրենիք» պարախումբի կողքին ունեցանք նաեւ Քրիստինա

Էպէեանի «Զարթօնք» պարախումբը:

Անցեալ 35 տարիներու ընթացքին մեր շաբաթօրեայ վարժարանը այցելած են բազմաթիւ հիւրեր,

մտաւորականներ, կղերականներ եւ հասարակական գործիչներ, որոնք շաբաթական բարոյախօսութիւններ

կուտային:

Կազմակերպած ենք բազմաթիւ յիշարժան խրախճանքներ, պարահանդէսներ, մշակութային,

աշակերտական հանդիսութիւններ:

Page 4: Monday 09 06 14, volume # 9 issue # 106

Ամէն տարի մեր դպրոցէն ներս պարտադիր կը նշենք Հայաստանի Անկախութեան Օրը, Մշակոյթի Օրը,

Սրբոց Վարդանանց տօնը, Նոր Տարին ու Ս. Ծնունդը, կը նշենք Մեծ Եղեռնի Նահատակներուն յիշատակը,

Ա. Զատիկը եւ Սարտարապատի Յաղթանակի Օրը:

Վերջին 18 տարիներուն, վարժարանիս տնօրէնութիւնը պաշտօնապէս կը վարէ՝ Պէյրութ ծնած, այդ քաղաքի

մայրապետներուն դպրոցը յաճախած, երկու զաւակի մայր Տիկին Ռիթա Մարտիրոսեանը: Ան

կարգապահութեան եւ նուիրումի մարմնացումն է: Փոխտնօրէնուհին է, Հայաստանի Պետական

համալսարանի հայերէն լեզուի բաժնէն շրջանաւարտ, սքանչելի երիտասարդ մտաւորական Տիկին Անի

Մախշիկեանը: Մեր բոլոր ուսուցչուհիները Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի բարձրագոյն կրթութեամբ

օժտուած հայեր են, որոնք մեծագոյն սիրով եւ գիտակցութեամբ նուիրուած են այս գործին:

Վարժարանը կը ղեկավարուի Խնամակալ Մարմնի մը կողմ, որ կը զբաղի շաբաթօրեայի նիւթական,

կրթական եւ այլ հարցերով: Մարմնի անդամներն են՝ Խաչիկ Ճանոյեան, Փրոֆ. Ալպեռ Աղամանուկեան,

Ռոզմերի Ճանոյեան Ռիթա Մարտիրոսեան եւ Անի Մախշիկեան:

Կարելի չէ այս համառօտ ծանօթացման յօդուածը վերջացնել առանց շնորհակալութեան յատուկ խօսք

ուղղելու Թ.Մ.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան, որուն բարոյական նեցուկը եւ օժանդակութիւնը միշտ ալ

խթան հանդիսացած է մեր կրթական գործին:

Շնորհակալութեան յատուկ խօսք ունինք մեր վարժարանի ծնողներուն, որոնք 35 տարի շարունակ մեզի

վստահած են իրենց սիրասուն զաւակներուն ազգային դաստիարակութեան գործը: Վարժարանիս 35

տարիներու կեանքի ընթացքին մենք ունեցած ենք 100-է աւելի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, 1600-է աւելի

հայորդիներ ունեցած ենք, որոնք դողդոջ քայլերով մեր վարժարանը մտան եւ հայ լեզուի սովորումին

առընթեր, ազգային ու հայրենասիրական մաքրամաքուր ոգիով լեցուած՝ մեկնած են մեր վարժարանէն:

Այսօր, Կլենտէյլ-Փասատինա քաղաքներու մէջ, ազգային կամ առօրեայ կեանքի ամէն քայլափոխին կը

հանդիպինք անոնց, եւ հպարտութեամբ կրնանք ըսել, թէ մեր շրջանաւարտներուն մեծ մասը ազգային

կեանքի, կամ անձնական կեանքի մէջ խիստ յաջողակ երիտասարդներ եղած են:

Գնահատանքի եւ շնորհակալութեան խօսք ունինք մեր դպրոցի բարերարներուն, նուիրա-տուներուներուն,

նիւթապէս եւ բարոյապէս մեր աշխատանքին նպաստողներուն եւ քաջալերողներուն:

Երկուշաբթի, 9 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 106, էջ 4

Page 5: Monday 09 06 14, volume # 9 issue # 106

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻ ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Ձեզմէ ազնուաբար պիտի խնդրէինք Ձեր յօդուածները՝ նկարներով մէկտեղ, յետայսու ուղղել

խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Շնորհակալութիւն Ձեր ազնիւ գործակցութեան համար:

Խորին շնորհակալութեան եւ երախտագիտական մասնաւոր խօսք ունինք Լոս Անճելոսի մէջ գործող

Իրաքահայերու Միութեան, որ բարոյապէս ու յատկապէս նիւթապէս միշտ զօրավիգ եղած է մեր գործին:

Հազա՜ր փառք կուտանք Աստուծոյ, որ արժանի եղանք այս վարժարանի 5, 10, 15, 20, 25 30 եւ այժմ 35-ամեակը

տօնելու, մեր բարեկամներուն եւ շրջանակին հետ, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Յունիս 7, 2014, առաւօտեան

ժամը 11:00-ին, Պէշկէօթիւրեան շէնքին մէջ:

Բոլոր հին եւ նոր ուսուցիչներուն, ծնողներուն, վարչականներուն կ՛ըսենք.

Ձեր բոլորին վարձքը կատար:

Երկուշաբթի, 9 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 106, էջ 5

Page 6: Monday 09 06 14, volume # 9 issue # 106

ՌԱԿ-ի Լուրեր

Երկուշաբթի, 9 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 106, էջ 6

14 ՄԱՐՏԻ ՈՒԺԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

ԱՅՑԵԼԵՑ ԹԷՔԷԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

Ուրբաթ 6 Յունիս 2014-ի կէսօրէ ետք Թէքէեան Կեդրոն այցելեցին՝ 14 Մարտի Ուժերու Ընդհանուր

Քարտուղարութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, 14 Մարտը բաղկացնող կողմերու

ներկայացուցիչներով: Պատուիրակութիւնը, զորս կը գլխաւորէր Տոքթ. Ֆարէս Սաէյտ, ընդունուեցաւ ՌԱԿ

Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ, գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ ընկ.

Միքայէլ Վայէճեանին: Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ պետական նախկին երեսփոխան՝ ընկեր Յակոբ

Գասարճեան:

Հանդիպման ընթացքին 14 Մարտի պատուիրակութիւնը նախ շնորհաւորեց ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային

նորընտիր Վարչութիւնը, ապա կողմերու խօսակցութիւններուն գլխաւոր առանցքը դարձաւ Լիբանանի եւ

շրջանի ներկայ կացութիւնը:

Տոքթ. Ֆարէս Սաէյտ բարձր գնահատեց լիբանանահայութիւնը ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար

անդրադառնալով ՌԱԿ-ի հետ գործակցութեան, ան բարձր արժեւորեց զայն՝ ապագային աւելի եւս սեղմ եւ

համադրուած աշխատանքի կոչ ուղելով: ՌԱԿ-ի կողմէ ընկեր Միքայէլ Վայէճեան շնորհակալութիւն

Page 7: Monday 09 06 14, volume # 9 issue # 106

Երկուշաբթի, 9 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 106, էջ 7

յայտնելով այցելուներուն հաստատեց, թէ ՌԱԿ-ի սկզբունքներն ու գաղափարախօսութիւնը

ամբողջութեամբ կը համընկնին՝ 14 Մարտի ուժերու քաղաքականութեան եւ գաղափարախօսութեան,

հետեւաբար՝ ՌԱԿ-ը ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօր անքակտելի մէկ մասնիկն է անոր ու պիտի մնայ

այդպէս:

Իր կարգին ընկեր Գասարճեան շեշտը դրաւ լիբանանահայութեան ամբողջական մասնակցութեան

կարեւորութեանը վրայ լիբանանեան քաղաքական կեանքէն ներս: Ընկերային եւ քաղաքական համարկումի

տեսակէտէն ելլելով եւ պատկանելիութեան առողջ մօտեցումով ան շեշտեց, թէ լիբանանահայը լիիրաւ

լիբանանցի է՝ հայկական ծագումով:

Աւարտին Տոքթ. Ֆարէս Սաէյտ եւ ընկեր Միքայէլ Վայեճեան այս հանդիպումը ամփոփող միացեալ

յայտարարութիւն մը կատարեցին:

ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Page 8: Monday 09 06 14, volume # 9 issue # 106

Լուրեր Սփիւռքէն

Վատիկան

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վատիկանի Մէջ կը Խօսի

Նահատակութեան Մասին

Շարունակելով իր պաշտօնական այցելութիւնը Վատիկան, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Սէնթ Էճիտիօ

կազմակերպութեան կեդրոնատեղին ու ապա յիշեալ կազմակերպութեան հովանաւորութիւնը վայելող

եկեղեցին։

Հոգեւորականներէ ու աշխարհականներէ բաղկացած յիշեալ կազմակերպութիւնը Վատիկանի ամենէն

ազդու կառոյցներէն մէկն է։ Ան մարդասիրական ու ընկերային ծրագիրներու առընթեր նաեւ կը զբաղի

քաղաքական բնոյթ ունեցող հարցերով։ Վեհափառ Հայրապետը յաճախակի առիթներով իր խօսքն է ուղղած

Սէնթ Էճիտիոյի կազմակերպած միջազգային համագումարներուն:

Յիշեալ այցելութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Վեհափառին ընկերացող շուրջ 80 ազգայինները,

որոնք զանազան գաղութներէն ժամանած էին ներկայ գտնուելու Պապին ու Վեհափառի հանդիպման։

Երկուշաբթի, 9 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 106, էջ 8

Page 9: Monday 09 06 14, volume # 9 issue # 106

Երկուշաբթի, 9 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 106, էջ 9

Եկեղեցական արարողութեան ընթացքին քարոզեց Վեհափառ Հայրապետը եւ անդրադարձաւ

նահատակութեան գաղափարին՝ այս ծիրէն ներս յիշելով հայոց մէկուկէս միլիոն նահատակները։

Արարողութենէն յետոյ Սէնթ Էճիտիօ կազմակերպութիւնը ընդունելութիւն մը սարքեց ի պատիւ

Վեհափառին, ներկայութեամբ ազգայիններուն։ Ընդունելութեան ընթացքին խօսք առնելով, Վեհափառը

գնահատեց յիշեալ կազմակերպութեան գործունէութիւնը:

Յայտնենք, որ շուրջ եօթը տարիներ առաջ Պենետքթոս Պապին հետ իր ունեցած հանդիպման առիթով,

Վեհափառը այցելած էր յիշեալ եկեղեցին եւ ընդառաջելով Սէնթ Էճիտիօ կազմակերպութեան փափաքին,

Անթիլիասի նահատակաց մատուռէն մասունք մը զետեղած էր եկեղեցւոյ մէջ յատուկ արարողութեան մը

ընթացքին:

Page 10: Monday 09 06 14, volume # 9 issue # 106

Երկուշաբթի, 9 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 106, էջ 10

Երեքշաբթի, 3 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 102, էջ 9

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն

նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան

Մշակութային էջեր

ԹՈՒՐՔԻԱ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«ՄԵՐ ՍՐՏԻ ԽՈՑԸ» ՖԻԼՄԸ ՊԻՏԻ ԱՐՏԱԴՐԷ

Թուրքիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը «Հայոց Ցեղասպանութեան

Պնդումներ» հարցին շուրջ յատուկ օրակարգով մը հանդիպում ունեցած է: Ըստ «Հապերթիւրք»ին՝ նիստին

ընթացքին քննարկուած են «1915 թուականի դէպքերը», ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան 100ամեակի

նախօրէին հայկական Սփիւռքին հնարաւոր քայլերն ու անոնց դէմ առնուելիք Թուրքիոյ քայլերը:

Նիստին ընթացքին քննարկուած է այն հարցը, թէ հայկական լոպին մեծ գումար պիտի յատկացնէ

Ցեղասպանութեան մասին ֆիլմ մը նկարահանելու համար, որուն ի պատասխան՝ Թուրքիա եւս նմանատիպ

նախաձեռնութեամբ հանդէս պիտի գայ: Թրքական ֆիլմը

պիտի կոչուի «Մեր Սրտի Խոցը»: Ազգայնական շարժում

կուսակցութեան անդամ Սինան Օղան դէմ արտայայտուած

է այս անունին՝ պնդելով, որ անիկա «նման է սիրային

ֆիլմի վերնագիրի» մը:

Նշուած է նաեւ, որ հայկական ֆիլմին մասին առաջարկը

արդէն իսկ ներկայացուած է յայտնի բեմադրիչ Սթիվըն

Սփիլպըրկին ու ֆիլմը պիտի կոչուի «Վիրաւորը»: Ըստ

թրքական լրատուամիջոցին պնդումներուն՝ ֆիլմին մէջ

Կոմիտասի դերը պիտի կատարէ աշխարհահռչակ

դերասան Ալէն Տըլոն: Ֆիլմին մէջ դերեր պիտի ստանձնեն

նաեւ Տասթին Հոֆմըն, իսկ ֆիլմի երաժշտութեան

հեղինակը պիտի ըլլայ ամերիկահայ ռոք երաժիշտ Սերժ

Թանքեան:

Ուրբաթ, 6 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 105, էջ 10

Page 11: Monday 09 06 14, volume # 9 issue # 106

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Page 12: Monday 09 06 14, volume # 9 issue # 106

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/08/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

Page 13: Monday 09 06 14, volume # 9 issue # 106
Page 14: Monday 09 06 14, volume # 9 issue # 106
Page 15: Monday 09 06 14, volume # 9 issue # 106
Page 16: Monday 09 06 14, volume # 9 issue # 106
Page 17: Monday 09 06 14, volume # 9 issue # 106

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող լուրեր եւ թղթակցութիւններ,

ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի

հասցէատէրերու, բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ բոլորին հասանելի կերպով,

մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր գրասենեակներուն մէջ սիրով

խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են ազգային առումով կենսական

հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝ Հայկականութեան:

ENJOY YOUR WORDBOOK presents over 1000 words in a

variety of lively and realistic settings. It gives to young

learners a sound and enjoyable introduction to the

presented Armenian/Arabic/English languages.

Order through email:

[email protected]