new ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ · 2020. 8. 8. · 1 Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան...

22
1 Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ Բովանդակութիւն 1) Յիսուսի ձեռքով լուացուելու անհրաժեշտութիւնը - - - - - - - - - - - - - 2 2) Ոտնլուայի խորհուրդէն բղխող երեք հոգեւոր դասեր - - - - - - - - - - - - - - - - - 7 3) Ոտնլուան կը բացայայտէ Աստուծոյ կամքին անհասկնալիութիւնը - - - - - - - 13 4) Ոտնլուան Քրիստոսի մեծութիւնը հանդէս կը բերէ - - - - - - - - - - - - - - - - 17 5) Խորհրդածութիւններ Ոտնլուայի մասին - - - - - - - 19

Upload: others

Post on 25-Sep-2020

1 views

Category:

Documents


0 download

TRANSCRIPT

Page 1: New ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ · 2020. 8. 8. · 1 Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ Բովանդակութիւն 1) Յիսուսի ձեռքով

1

Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան

ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ

Բովանդակութիւն

1) Յիսուսի ձեռքով

լուացուելու անհրաժեշտութիւնը - - - - - - - - - - - - - 2

2) Ոտնլուայի խորհուրդէն

բղխող երեք հոգեւոր դասեր - - - - - - - - - - - - - - - - - 7

3) Ոտնլուան կը բացայայտէ

Աստուծոյ կամքին անհասկնալիութիւնը - - - - - - - 13

4) Ոտնլուան Քրիստոսի

մեծութիւնը հանդէս կը բերէ - - - - - - - - - - - - - - - - 17

5) Խորհրդածութիւններ Ոտնլուայի մասին - - - - - - - 19

Page 2: New ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ · 2020. 8. 8. · 1 Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ Բովանդակութիւն 1) Յիսուսի ձեռքով

2

Յիսուսի Ձեռքով Լուացուելու

Անհրաժեշտութիւնը

Վերջին ընթրիքի պահուն էր երբ Յիսուս ոտքի ելաւ,

ղենջակ մը առաւ եւ մէջքին կապեց եւ սկսաւ իր աշակերտ-

ներուն ոտքերը լուալ։ Երբ կարգը հասաւ Պետրոսի եւ ուզեց

անոր ոտքերը լուալ, Պետրոս թոյլ չտուաւ։ Յիսուս անոր

ըսաւ. «Եթէ ոտքերդ չլուամ՝ ինծի հետ բաժին պիտի չու-նենաս» (Յհ 13.8)։ Տէրը իր այս բառերով, ինքզինք կը

ներկայացնէ իբրեւ մաքրիչը մարդկութեան։ Տուեալ բառե-

րով, Տէրը յստակօրէն ցոյց տուաւ, որ եթէ ինք չլուայ մեզ՝

մենք չենք կրնար իրեն հետ բաժին ունենալ։ Եթէ Արքան

չլուայ մեզ՝ մենք չենք կրնար իր արքայութիւնը ժառանգել։

Արդարեւ, միայն Յիսուս ի՛նք կրնայ լուալ մեր հոգին մեղքի

մուրէն։ Միայն Յիսուս ի՛նք կրնայ սրբել մեր սրտին մէջ

եղող ամէն անօրէնութիւն։ Յիսուսի խօսքը Պետրոս առաք-

եալին՝ մեզի՛ ալ ուղղուած է. «Եթէ քեզ չլուամ՝ ինծի հետ բաժին պիտի չունենաս»։ Թոյլ տանք որ Յիսուս լուայ մեզ իր

սիրովը, որպէսզի իրեն հետ բաժին ունենանք իր սիրոյ

թագաւորութեան մէջ, եւ իրեն հետ միասին թագաւորենք՝

իր թագաւորութեան մէջ։ Մեզմէ ո՞վ լուացումի կարիքը

չունի։ Մեզմէ ո՞վ չունի մեղքի մուր մը որմէ սրբուիլ կ'ուզէ։

Ո՞վ չունի անօրէնութեան տիղմ մը որմէ մաքրուիլ կ'ուզէ։

Ո՞վ չունի զինք գերի բռնած տկարութիւն մը որմէ ազա-

տագրուիլ կ'ուզէ։ Ո՞վ չունի զինք ստրկացուցած խեղճու-

թիւն մը որմէ ձերբազատիլ կ'ուզէ։ Այո՛, բոլորս ալ պէտք ու-

նինք Յիսուսի ձեռքով մաքրուելու, սրբուելու ու տաշուելու,

Page 3: New ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ · 2020. 8. 8. · 1 Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ Բովանդակութիւն 1) Յիսուսի ձեռքով

3

եւ այն ալ` ամենօրեայ դրութեամբ։ Որոգինէս մեր ուշա-

դըրութեան կը յանձնէ, թէ՝ «բնագիրը չ’ըսեր՝ "Յիսուս լուաց աշակերտներուն ոտքերը", այլ կ’ըսէ. "Սկսաւ լուալ"։ Սկսաւ լուալ եւ չդադրեցաւ լուալէ, որովհետեւ անոնք մնայուն կեր-պով լուացուելու ու մաքրուելու կարիքը ունէին, եւ չմոռ-նանք որ իրենց լուացման նոյն գիշերն իսկ պիտի պղծուէին՝ քանի պիտի լքէին իրենց Տէրը ու փախչէին»։ Ասիկա բնա-

կանօրէն մեզի կը յիշեցնէ, որ մենք եւս, մնայուն կերպով Տի-

րոջմով մաքրուելու կարիքը ունինք, որովհետեւ ամէն օր

ենթակայ ենք մեղքով պղծուելու։ Մեղքը ամէ՛ն օր մեզ կ'աղ-

տոտէ, եւ ուստի մենք ամէ՛ն օր պէտք ունինք մաքրուելու։

Արդ, Քրիստոս ի՞նչպէս կը լուայ մեզ։ Մեզ կը լուայ վեց

ձեւերով.-

1) Մեզ կը լուայ իր արիւնով։ Առանց Արարիչին արիւ-

նին՝ արարածներս չենք կրնար լուացուիլ ու սրբուիլ մեր

մեղքերէն (Եփ 1.7)։ Տէրը իր արիւնովը քաւեց մեր մեղքերը

եւ մեզի փրկութիւն շնորհեց, բայց այդ փրկութիւնը մեր սե-

փականութիւնը չի դառնար, մինչեւ որ մենք զանիկա ար-

ցունքով չխնդրենք։ Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Մեղքերու թողութիւնն ալ առանց արեան հեղումի չ’ըլլար» (Եբր 9.22)։

Ամենէն մաքուր մարդը պիղծ ոգի մըն է, եթէ չէ լուացուած

ու չէ մաքրուած Յիսուսի արիւնով։ Հրեղէն արարածները

զգուշաւորութեամբ կը մօտենան մեզի, եթէ երբեք մաքըր-

ուած ենք Յիսուսի արիւնով։

2) Մեզ կը լուայ Սուրբ Հաղորդութեան միջոցաւ։ Սուրբ

Պատարագի ընթացքին սրբագործուող ու հաւատացեալին

բաշխուող Տիրոջ մարմինն ու արիւնը, դեղն ու դարմանն է

մեր հոգիներուն։ Տիրոջ մարմինին ու արեան միջոցաւ է որ

մենք կը սրբուինք եւ սուրբ Աստուծոյ հետ հաղորդակցու-

Page 4: New ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ · 2020. 8. 8. · 1 Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ Բովանդակութիւն 1) Յիսուսի ձեռքով

4

թեան մէջ կը մտնենք։ Սուրբ Հաղորդութիւնը կը զինէ մեր

հոգին աներեւոյթ Թշնամիին դէմ։ Մեծն Կիւրեղ Աղեքսան-

դրացին կ’ըսէ. «Սուրբ Հաղորդութիւնը պարիսպն է մեր հո-գիին։ Երբ Սատանան յարձակի, անոր կը զարնուի եւ նա-հանջ կ’արձանագրէ»։

3) Մեզ կը լուայ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ։ Սուրբ Հոգին

ի՛նքն է որ մեր մէջ կը գործէ ու կը ներգործէ յարատեւօրէն,

որպէսզի մեզ մաքրէ մեր մեղքերէն ու տկարութիւններէն եւ

մեզ դարձնէ բնակարան Սուրբ Երրորդութեան։ Սուրբ

Հոգիին այս ներգործութիւնը վայելելու համար, պէտք է

յանձնուած ըլլալ Քրիստոսի։ Սուրբ Հոգիին ներգործութեան

նպատակը՝ մեզ Աստուծոյ Որդիին հարազատ պատկերը

դարձնելով՝ սրբացնելն է։ Բայց Սուրբ Հոգին մեզ Աստուծոյ

Որդիին պատկերը դարձնելու չ’աշխատիր, եթէ երբեք նախ

Աստուծոյ Որդին իր արիւնով մեզ լուացած, մաքրած ու

սրբած չըլլայ։ Սրբուիլը եւ սրբացուիլը նոյն բաները չեն։

Սրբուիլը Յիսուսի արիւնով է որ տեղի կ’ունենայ, իսկ

սրբացուիլը՝ Սուրբ Հոգիին յարատեւ ներգործութեամբ։

Նախ պէտք է Յիսուսի արիւնով սրբուիլ, անկէ ետք միայն

կը սկսի սրբացուելու գործողութիւնը։

4) Մեզ կը լուայ իր Խօսքով։ Աստուածաշունչ մատեա-

նին խօսքերը զօրութիւնը ունին լուալու ու մաքրելու մեզ,

սրբելու ու սրբագործելու մեզ։ Յիսուս իր խօսքը ուղղելով

մեր երկնաւոր Հօր՝ ըսաւ. «Սրբագործէ զանոնք քու ճշմար-տութեամբդ, որովհետեւ քու խօսքդ ճշմարտութիւն է» (Յհ

17.17)։ Իսկ Պօղոս առաքեալ կը վկայէ, թէ «ամէն ինչ Աս-տուծոյ խօսքով եւ աղօթքով կը սրբուի» (Ա.Տմ 4.5։ Եփ 5.26)։

Որոգինէս կ’ըսէ. «Ջուրը որով Յիսուս լուաց աշակերտնե-րուն ոտքերը, կը խորհրդանշէ Աստուծոյ Խօսքը։ Աստուծոյ

Page 5: New ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ · 2020. 8. 8. · 1 Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ Բովանդակութիւն 1) Յիսուսի ձեռքով

5

Խօսքո՛վ էր որ Աստուծոյ Որդին լուաց իր աշակերտները։ Դե՛ղ է Աստուծոյ Խօսքը։ Ինչպէս երբ հիւանդ մարդը դեղ առնէ, այդ դեղը անոր բերանէն կը մտնէ ու մարմինի ան-դամներուն կը փոխանցուի եւ կը բուժէ զանոնք, այնպէս ալ, երբ կը կարդանք Աստուածաշունչին խօսքերը, անոնք կը մտնեն մեր մտքի երակներէն ու կը տարածուին մեր մարմի-նի բոլոր անդամներուն մէջ, ինչպէս նաեւ մեր սրտին ու հոգիին մէջ, եւ կը մաքրեն ու կը մաքրագործեն մեզ, կը սրբեն ու կը սրբագործեն մեր էութիւնը»։

5) Մեզ կը լուայ նեղութեանց ընդմէջէն։ Ինչպէս տաք ու

այրող ջուրը պնակին փակած աղտը կը հանէ, այնպէս ալ,

տաք ջուրի նման այրող փորձութիւններն ու նեղութիւններն

են որ կը մաքրեն մեր սիրտն ու հոգին, եւ կը հեռացնեն

անոնցմէ ամէն աղտ։ Անցեալին, եթէ դրամը չհալուէր ամե-

նէն տաք կրակներուն մէջ, չէր կրնար իր վրայ առնել թա-

գաւորին պատկերը, ահա ճիշդ նոյն ձեւով, եթէ մենք չհան-

դիպինք փորձութեանց զօրաւոր կրակներուն եւ չտոկանք

անոնց, չենք կրնար դառնալ Քրիստոսի հարազատ նմանու-

թիւնը։ Քրիստոսի սիրոյն փորձութիւններու ու նեղութիւն-

ներու ենթարկուիլը եւ անոնց սիրով համբերելն է ապա-

ցոյցը որ մենք Քրիստոսի կը պատկանինք։

6) Մեզ կը լուայ աղօթքի պահուն։ Աղօթքի պահը Աս-

տուծոյ պահն է, եւ այդ պահուան ուսուցիչն ու դաստիա-

րակը Սուրբ Հոգին ի՛նքն է։ Երբ աղօթքով Աստուծոյ ներկա-

յութեան կը կանգնինք, այդ ներկայութիւնն է որ մեզ կը սրբէ

ու կը մաքրէ. ուստի աղօթքի պահուն պէտք է ամէն բանէ ա-

ռաջ Աստուծոյ ներկայութիւնը փնտռել։ Ոմանք կը խորհին

որ աղօթքի պահուն Աստուած զօրութիւն կու տայ մեզի

որպէսզի կարենանք փոխուիլ. այդպէս խորհիլը սակայն

Page 6: New ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ · 2020. 8. 8. · 1 Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ Բովանդակութիւն 1) Յիսուսի ձեռքով

6

սխալ է. աղօթքի պահուն մենք Աստուծմէ զօրութիւն չենք

առներ, այլ զԱստուա՛ծ է որ կ’առնենք իբրեւ մեր զօրու-

թիւնը, եւ անոր հզօր ներկայութիւնն է որ կը փոխէ ու կը

սրբէ մեր կեանքը։ Երբ կ’աղօթենք՝ Աստուծոյ ներկայու-

թեամբ կը սրբուինք ու կը զօրանանք, եւ մեր ձեռք ձգած

սրբութեամբ ու զօրութեամբ է որ կը պայքարինք մեղքին

դէմ ու կը յաղթենք անոր։

Page 7: New ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ · 2020. 8. 8. · 1 Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ Բովանդակութիւն 1) Յիսուսի ձեռքով

7

Ոտնլուայի Խորհուրդէն

Բղխող Երեք Հոգեւոր Դասեր

Մեր Տէրն ու Փրկիչը` Յիսուս Քրիստոս, իր աշակերտ-

ներուն ոտքերը լուալով շատ բան սորվեցուց անոնց, եւ

անոնց ընդմէջէն` մեզի։ Իր սորվեցուցածներէն այստեղ կ'ա-

ռանձնացնեմ երեքը.-

1) Խոնարհ ըլլալ։

Ոտնլուայի արարողութիւնը առաջին հերթին կը բացա-

յայտէ Տիրոջ բացարձակ խոնարհութիւնը։ Ինք որ իր ձեռքով

ստեղծած էր մարդկութիւնը, խոնարհեցաւ իր ձեռքին գործը

եղող իր արարածներուն առջեւ` իր սէրը արտայայտելու

համար անոնց հանդէպ։ Յիսուս, որուն դիմաց երկնային բո-

լոր զօրքերը մինչեւ գետին կը խոնարհին, ահա ի՛նք այս

պահուս մինչեւ գետին խոնարհեցաւ` մեղքի գետինը ինկած

մարդը գետնէն բարձրացնելու համար։

Յիսուսի աշակերտները կը մտածէին թէ իրենցմէ ո՛վ

պիտի ըլլար առաջնորդ ու տէր, եւ ո՛վ ուրիշներէն ծառայու-

թիւն պիտի ընդունէր, եւ ահա Տէրը ինք, իր խոնարհելովը

անոնց ոտքերուն առջեւ, սորվեցուց անոնց թէ ով որ կը ծա-

ռայէ՝ ա՛ն է մեծը, ով որ կը խոնարհի՝ ա՛ն է առաջնորդը։

Յիսուս խոնարհեցաւ անոնց ոտքերուն առջեւ եւ իր խոնար-

հութեամբ հեռացուց անոնցմէ հպարտութիւնը։

Արդարեւ, աշակերտներուն մէջ հպարտութեան հոգին

չէ՞ր որ արթնցած էր, երբ անոնք կը մտածէին թէ իրենցմէ

ո՛վ պիտի ըլլար Յիսուսի յաջորդը։ Այո՛, հպարտութեան

Page 8: New ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ · 2020. 8. 8. · 1 Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ Բովանդակութիւն 1) Յիսուսի ձեռքով

8

հոգին սկսած էր մուտք գործել անոնց սիրտերէն ներս։ Այս

իրողութեան գիտակից, Յիսուս խոնարհեցաւ անոնց առջեւ

ու լուաց անոնց ոտքերը։ Իր աշակերտներուն ոտքերը լուա-

լով, սորվեցուց անոնց թէ հպարտութեան հոգին՝ խոնար-

հութեան արարքներով միայն կը ճզմուի ու կը յաղթուի։

Այո՛, թանկագին հաւատացեալներ, խոնարհութեան

արարքներով միայն կրնանք ճզմել հպարտութեան հոգին ու

յաղթել անոր։ Պէտք է խոնարհեցուցիչ գործեր կատարենք`

ամէն անգամ երբ մենք զմեզ մեծ գործեր կատարողներ կը

նկատենք։ Պէտք է աննշան արարքներ ընենք` ամէն անգամ

երբ նշանաւոր արարքներ ընելու միտքէն կ'այցելուինք։

Պէտք է մարդոց աչքերէն հեռու գործենք` ամէն անգամ երբ

մարդոց աչքերուն տեսանելի ըլլալ կ'ուզենք։ Պէտք է մեր

ոչնչութիւնը բարձրաձայն յայտարարենք` ամէն անգամ երբ

մենք զմեզ ուրիշէն տարբեր նկատելու մեղքին մէջ իյնալու

վտանգին դիմաց կ'ըլլանք։ Պէտք է խօսինք մեր տկարու-

թիւններուն մասին` ամէն անգամ երբ մարդիկ կը խօսին

մեր առաւելութիւններուն մասին, որպէսզի հպարտութիւնը

չքանդէ մեզ։

Արդարեւ, խոնարհ մարդը չի խօսիր իր առաւելութիւն-

ներուն մասին, ընդհակառակը` ուրիշներուն առաւելու-

թիւնները լոյսի տակ կը բերէ։ Խոնարհ մարդը ինքզինք յար-

մար ու արժանի չի նկատեր ուրիշներուն առաջնորդ ըլլալ։

Խոնարհ մարդը ինքզինք ուրիշին տէրը չի դարձներ, այլ`

ծառան։ Խոնարհ մարդը ինքզինք մեծ ու աչքառու գործեր

կատարելու կոչուած անձ չի նկատեր, ընդհակառակը`

փոքրիկ ու աննշան գործեր կատարելու։ Խոնարհ մարդը

երբ գործէ` չ'ուզեր տեսնուիլ մարդոց կողմէ. երբ աշխատի`

չ'ուզեր նկատուիլ մարդոց կողմէ. երբ գնահատելի արարք

Page 9: New ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ · 2020. 8. 8. · 1 Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ Բովանդակութիւն 1) Յիսուսի ձեռքով

9

մը կատարէ` չ'ուզեր ծափահարուիլ մարդոց կողմէ. երբ

փառաւորելի իրագործում մը իրականացնէ` չ'ուզեր ինք

փառաւորուիլ, այլ` Աստուած, այն քաջ գիտակցութեամբ,

որ Աստուած ինքն է որ մարդուն գործելու եւ իրագործելու

կարողութիւն կու տայ, եւ ուստի` միայն ի՛նք պէտք է փա-

ռաւորուի, միայն ի՛նք պէտք է մեծարուի, միայն ի՛նք պէտք է

պատուըուի։

2) Ծառայ ըլլալ։

Ոտնլուայի արարողութեամբ, Քրիստոս ինքզինք մարդ-

կութեան սպասաւորը դարձուց։ Ի՛նքն իսկ հաստատեց, թէ

աշխարհ եկաւ սպասաւորելու մարդոց, եւ իր կեանքը

որպէս փրկագին տալու անոնց համար (Մտ 20.28։ Մր 10.45)։

Հին Կտակարանէն գիտենք որ ոտքերը լուալու գործո-

ղութիւնը ծառային պարտականութիւնն էր։ Օրինակ, Աբ-

րահամ ինք չլուաց քովը եկող երեք անձերուն ոտքերը, այլ

ըսաւ. «Կ’աղաչեմ ձեզի, քիչ մը ջուր բերուի ու ոտքերնիդ լուացէք» (Ծն 18.4)։ Սա ցոյց կու տայ որ Աբրահամին ծառան

ինքն էր որ հիւրերուն ոտքերը լուաց։ Նոյնպէս, Յովսէփ ինք

չէր որ իր եղբօր ոտքերը լուաց երբ անոնք Եգիպտոս եկան,

այլ «սպասաւորը ջուր տուաւ անոնց ու իրենց ոտքերը լուացին» (Ծն 43.24)։ Յիսուս սակայն, ինք անձնապէս լուաց

իր աշակերտներուն ոտքերը, սորվեցնելու համար անոնց եւ

մեզի, որ պէտք է իր խոնարհութեան օրինակին հետեւինք եւ

ծառայենք իրարու։ Միայն խոնարհ մարդիկը կրնան

ծառայել իրենց նմաններուն։ Հպարտ մարդը չի կրնար

ծառայել։ Հպարտ մարդը կը փնտռէ իրեն ծառայող մարդիկ,

մինչդեռ խոնարհ մարդը` կը փնտռէ ծառայութեան կարիքը

ունեցող մարդիկ։

Page 10: New ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ · 2020. 8. 8. · 1 Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ Բովանդակութիւն 1) Յիսուսի ձեռքով

10

Որո՞նք են ծառայութեան կարիքը ունեցող մարդիկը.

ծառայութեան կարիքը ունեցող մարդիկը` մեծ դիրքերու ու

բարձր աստիճաններու վրայ գտնուող մարդիկը չեն, այլ`

խոնարհ, հեզ ու համեստ դասակարգի մարդիկը։

Ծառայութեան կարիքը ունեցող մարդիկը` ուրիշները

անտեսող եւ վերէն ուրիշներուն վրայ նայող մարդիկը չեն,

այլ` անտեսուած մարդիկը, իրենք զիրենք վար զգացող

մարդիկը։

Ծառայութեան կարիքը ունեցող մարդիկը` ուրիշին

իրաւունքը բռնի ոյժով խլողները չեն, այլ` անիրաւուած-

ները։

Ծառայութեան կարիքը ունեցող մարդիկը` հարուստ-

ները չեն, այլ` հարստահարուածները։

Ծառայութեան կարիքը ունեցող մարդիկը` տկարները

ճզմող մարդիկը չեն, այլ` տկարները։

Մեր մեծութիւնը` չի կայանար հարուստներուն ու

բարձր դիրքերու վրայ գտնուող մարդոց մեր մատուցած

ծառայութեանց մէջ, այլ` աղքատ ու կարիքի մէջ եղող դա-

սակարգի մարդոց մեր մատուցած ծառայութեանց մէջ։

3) Մաքուր կեանք ապրիլ։

Այս մասին երկու նշումներ.-

ա) Յիսուս լուաց իր աշակերտներուն ոտքերը, սոր-

վեցնելու համար անոնց եւ անոնց ընդմէջէն մեզի, որ պէտք

է մաքուր ու սուրբ կեանք ապրինք այս աշխարհին մէջ,

մաքուր ներկայութիւն ըլլանք մարդկութեան կեանքին մէջ։

Այո՛, ոտքերը լուալը կոչ մըն է Յիսուսի կողմէ իր աշակերտ-

ներուն եւ անոնց ընդմէջէն մեզի, ապրելու սո՛ւրբ կեանք մը,

քալելու սրբութեան ճամբէն, եւ հետեւելու իրեն որ ըսաւ.

Page 11: New ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ · 2020. 8. 8. · 1 Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ Բովանդակութիւն 1) Յիսուսի ձեռքով

11

«Ե՛ս եմ ճամբան» (Յհ 14.6)։ Ոտնլուայի արարողութեան

առիթով, եկէք հարց տանք մենք մեզի. Քրիստոս լուացա՞ծ է

մեզ, եւ եթէ լուացած է` կ'ապրի՞նք լուացուածի կեանք։

Սրբա՞ծ է մեզ, եւ եթէ սրբած է` կ'ապրի՞նք սրբուածի վայել

կեանք։ Կը քալե՞նք սրբութեան ճամբէն, մենք որ ոտնլուայի

արարողութեան ճամբով կոչուեցանք սրբութեամբ ապրելու։

Կ'ապրի՞նք մաքուր կեանք, մենք որ ոտնլուայի արարողու-

թեամբ մաքրուեցանք Քրիստոսի ձեռքերով. մաքո՞ւր ենք.

մաքո՞ւր է մեր հոգին. մաքո՞ւր են մեր սիրտն ու սրտի խոր-

հուրդները. մաքո՞ւր են մեր միտքն ու մտածումները. մա-

քո՞ւր են մեր գործերը. մաքո՞ւր ենք մարդոց հետ մեր յարա-

բերութեանց մէջ. մաքո՞ւր ենք մարդոց հանդէպ մեր վերա-

բերմունքին մէջ. մաքո՞ւր ենք դրամասիրութեան ախտէն.

մաքո՞ւր ենք փառասիրութեան մոլութենէն. մաքո՞ւր ենք

աշխարհասիրութեան փուշէն։

բ) Մարդուն մարմնին անդամներէն` ոտքերը այն բա-

ժինն են, որ մարդս կը կապեն այս աշխարհին հետ, յարա-

բերութեան մէջ կը դնեն այս աշխարհին հետ։ Հետեւաբար,

Յիսուս աշակերտներուն ոտքերը լուալով՝ ուզեց որ անոնց

կապն ու յարաբերութիւնը մաքուր ըլլայ մեղքով տղմոտած

այս աշխարհին հետ։ Այս կէտին պատգամն է մեզի` ըլլալ ու

ապրիլ տարբե՛ր աշխարհի մարդէն։ Երբ աշխարհի մարդիկ

դիտեն մեր կեանքը՝ պէտք է տեսնեն որ մենք տարբե՛ր ենք

իրենցմէ, տարբեր` մեր կեանքով ու կենցաղակերպով, մեր

գործերով ու գործելակերպով, որպէսզի գայթակղութեան

պատճառ չըլլանք անոնց, ընդհակառակը, օրինա՛կ ըլլանք

անոնց։

Եթէ մենք զմեզ կը դաւանինք իբրեւ Քրիստոսի հետե-

ւորդները, հարց տանք մենք մեզի. ի՞նչ բանի մէջ կը կայա-

Page 12: New ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ · 2020. 8. 8. · 1 Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ Բովանդակութիւն 1) Յիսուսի ձեռքով

12

նայ մեր տարբերութիւնը աշխարհի հետեւորդներէն։ Ինչո՞վ

տարբեր ենք աշխարհի մարդոցմէն։ Լոյսի հետեւորդներս,

ինչո՞վ տարբեր ենք խաւարի հետեւորդներէն։ Երկնասէր-

ներս, ինչո՞վ տարբեր ենք երկրասէրներէն։ Վա՛յ մեզի, եթէ

երբեք կը յայտարարենք թէ Աստուծոյ զաւակներն ենք, բայց

կ'ապրինք ու կը գործենք այնպէս` ինչպէս աշխարհի մար-

դիկը իրենք կ'ապրին ու կը գործեն։

Ոտնլուայի խորհուրդին առիթով, եկէք որոշենք խո-

նա՛րհ ըլլալ, ծառա՛յ ըլլալ, մաքո՛ւր ըլլալ։ Խոնարհ, ծառայ

եւ մաքուր մարդուն կեանքին մէջ հանդէս կու գայ ու կը

փառաւորուի Աստուած, որ արժանի է ամէն փառքի ու փա-

ռաբանութեան։

Page 13: New ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ · 2020. 8. 8. · 1 Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ Բովանդակութիւն 1) Յիսուսի ձեռքով

13

Ոտնլուան Կը Բացայայտէ

Աստուծոյ Կամքին Անհասկնալիութիւնը

«Ինչ որ հիմա կ’ընեմ՝ դուն հիմա չես հասկնար, բայց

յետոյ պիտի հասկնաս» (Յհ 13.7)։ Ասիկա Տիրոջ խօսքն է

ուղղուած Պետրոս առաքեալին, երբ անիկա չուզեց թոյլ տալ

որ Յիսուս իր ոտքերը լուար։

Գուցէ մեզմէ ոմանք կը մեղադրեն Պետրոսը, որ չուզեց

թոյլ տալ որ Տէրը լուար զինք։ Բայց եկէք մտածենք մե՛ր մա-

սին, մեր ըրածի՛ն մասին։ Մենք թոյլ տուա՞ծ ենք կամ թոյլ

կու տա՞նք որ Տէրը մաքրէ մեզ։ Թոյլ տուա՞ծ ենք որ ան մաք-

րէ մաքրակարօտ մեր սիրտը ու բնակի անոր մէջ։ Թոյլ

տուա՞ծ ենք որ սրբէ սրբակարօտ մեր հոգին ու պաշտուի

անոր մէջ։ Թոյլ տուա՞ծ ենք որ մաքրէ մեր կեանքը ու փա-

ռաւորուի անոր մէջ։

Կամ թերեւս ոմանք կը մեղադրեն Պետրոսը, որ երեք

տարիներ Քրիստոսի հետ ապրելէ ետք` չէր կրցած հասկը-

նալ զայն, չէր կրցած հասկնալ անոր գործն ու գործելակեր-

պը։ Բայց դարձեալ, եկէք մտածենք մեր անձերուն մասին։

Մենք որ կ'ըսենք թէ քրիստոնեայ ընտանիքներու մէջ ծնած

ենք, մենք որ ամէն Կիրակի եկեղեցի կը յաճախենք, մենք որ

կը դաւանինք թէ քրիստոնեայ ու Քրիստոսի հետեւորդ ենք,

կը հասկնա՞նք Քրիստոսը աւելի լաւ քան Պետրոսը, կը

հասկնա՞նք անոր գործը, անոր գործելակերպը։ Կը հասկը-

նա՞նք մեր անիրաւուելուն ու ոտնակոխուելուն դիմաց

անոր լռութիւնը։

Page 14: New ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ · 2020. 8. 8. · 1 Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ Բովանդակութիւն 1) Յիսուսի ձեռքով

14

Առաքեալները ոչ միայն չհասկցան թէ ինչու համար

Յիսուս կ'ուզէր իրենց ոտքերը լուալ, այլ նաեւ չհասկցան, թէ

ինչո՛ւ համար անիկա կ'ուզէր Երուսաղէմ երթալ ու մեռնիլ։

Կը խորհի՞ք որ մենք հասկցեր ենք թէ ինչո՛ւ համար Յիսուս

մեռաւ։ Պիտի պատասխանէք, թէ մեռաւ մեզ փրկելու հա-

մար. բայց եթէ ան ուզէր մեզ փրկել առանց մեռնելու` չէ՞ր

կրնար. անշո՛ւշտ կրնար։ Նոյնիսկ եթէ անհրաժեշտ էր որ

մեռնէր մեր փրկութեան համար, բայց անհրաժե՞շտ էր արդ-

եօք որ այսքան չարչարուէր, ծաղրուէր, ապտակուէր, երե-

սին վրայ թքնուէր, գանակոծուէր ու ծեծուէր, մէկ խօսքով`

խաչուէր նախքան խաչելութիւնը, եւ մեռնէր նախքան մեռ-

նիլը։ Եթէ երբեք մտածենք կամ խորհինք որ հասկցեր ենք

Յիսուսի չարչարանքներուն ու խաչելութեան խորհուրդը,

անոնք պիտի դադրին խորհուրդ ըլլալէ. անոնք անհասկը-

նալի խորհուրդ են մեզի համար, որովհետեւ երբեք չենք

կրնար հասկնալ, թէ ի՛նչպէս բնութեամբ անչարչարելի

Աստուածը` մեր չարչարելի բնութիւնը իր վրայ առաւ. թէ

ի՛նչպէս խաչին վրայ էր իբրեւ Աստուած ու մարդ` բայց

միաժամանակ իր Հօրը ծոցին մէջ էր. թէ ի՛նչպէս մեր մեղ-

քերը իր վրայ առաւ բայց պահեց իր անմեղութիւնը. թէ ի՛նչ-

պէս երկրի վրայ եղած ժամանակ` նաեւ երկինքի մէջ էր.

կամ թէ ի՛նչպէս երկրի վրայ մարդոց կողմէ ծաղր ու ծանակ

եղած ժամանակ` միեւնոյն ատեն երկինքի մէջ Հօրը ու

Սուրբ Հոգիին հետ միասին կը փառաբանուէր ու կը պաշ-

տըուէր սերովբէներուն ու քերովբէներուն կողմէ։

«Ինչ որ հիմա կ’ընեմ՝ դուն հիմա չես հասկնար, բայց յետոյ պիտի հասկնաս»։ Այո՛, շատ բան կայ որ Տէրը հիմա

կ'ընէ, կամ թոյլ կու տայ որ հիմա ըլլայ, որ մենք չենք

հասկնար, բայց յետոյ պիտի հասկնանք։ Չենք հասկնար,

Page 15: New ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ · 2020. 8. 8. · 1 Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ Բովանդակութիւն 1) Յիսուսի ձեռքով

15

որովհետեւ իր ճամբաները` մեր ճամբաները չեն, եւ իր

խորհուրդները` մեր խորհուրդները (Ես 55.8-9)։

Այո՛, չենք հասկնար։ Ընդունի՛նք որ շատ բան կայ որ

չենք հասկնար։ Այսպէս, օրինակ, ինչո՞ւ համար 5-6 տարե-

կան անմեղ փոքրիկ մը անբուժելի հիւանդութեան մը հար-

ուածներուն տակ կը հիւծի ու կը մաշի։ Ինչո՞ւ համար

մանուկ մը սիրտը ծակ կը ծնի եւ անյաջող գործողութեան

մը հետեւանքով կը մեռնի։ Ինչո՞ւ համար աղէտի մը զոհ

կ’երթան արդար մարդիկ, իսկ չար մարդոց ոչինչ կը պա-

տահի։ Ինչո՞ւ համար անարդար ու չար մարդիկ այս

կեանքին մէջ յաջողութիւններ ձեռք կը ձգեն, իսկ անդին

բարի ու բարեգործ մարդիկ որոնք ժրաջանօրէն կ'աշխա-

տին` մասնաւոր յաջողութիւն մը ձեռք չեն ձգեր։ Ինչո՞ւ հա-

մար Աստուծոյ վստահած եւ իր հոգերը Աստուծոյ յանձնած

բարեպաշտ մարդուն կեանքը հոգերով ու փորձութիւննե-

րով լեցուն կ'ըլլայ, իսկ անդին, զԱստուած չճանչցող ամբա-

րիշտ մարդուն կեանքը հեզասահ կ’ընթանայ։ Եւ տակաւին,

կրնանք այլ տիպի հարցումներ հարցնել։ Այսպէս, օրինակ,

ինչո՞ւ համար մենք կ'աշխատինք բայց չաշխատողը կը

վարձատրուի։ Ինչո՞ւ համար մենք կը վազենք բայց չվազողը

կը հասնի։ Ինչո՞ւ համար մենք կը ցանենք բայց չցանողը կը

հնձէ։ Ինչո՞ւ համար անարժանը կը գնահատուի եւ գնա-

հատանքի արժանին երեսի վրայ կը ձգուի։ Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ,

ինչո՞ւ։ Անսահման է «ինչու»ներու շարքը։ Ես պիտի չխօսիմ

այս մասին, բայց այս բոլոր «ինչու»ներուն պիտի պատաս-

խանեմ Յիսուսի խօսքով. «Ինչ որ հիմա կ’ընեմ՝ դուն հիմա չես հասկնար, բայց յետոյ պիտի հասկնաս»։ Այո՛, Տիրոջ

երկրորդ գալուստէն ե՛տք միայն պիտի գտնենք ու գիտնանք

մեր բոլոր «ինչու»ներուն պատասխանը։

Page 16: New ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ · 2020. 8. 8. · 1 Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ Բովանդակութիւն 1) Յիսուսի ձեռքով

16

Հետեւաբար, չսպասենք ամէն բան հասկնալ. որովհե-

տեւ, եթէ ամէն բանի պատասխանը ուզենք գիտնալ ու

հասկնալ, նման պարագայի կրնանք խրտչիլ որոշ երեւոյթ-

ներու դիմաց զորս չենք հասկնար, կամ կրնանք դէմ դնել

Աստուծոյ կամքին։ Այդպէս չեղա՞ւ Պետրոս առաքեալին

պարագան։ Ան չհասկցաւ թէ ի՛նչ կ’ընէր Յիսուս, եւ թէ

ինչո՛ւ համար կ’ուզէր իր ոտքերը լուալ, եւ ճիշդ անոր

համար ալ, մերժեց որ Յիսուս իր ոտքերը լուայ։ Որքան

յաճախ մենք եւս, չենք հասկնար թէ ինչո՛ւ համար Աստուած

այս կամ այդ բանը կ’ընէ, ինչո՛ւ համար այս կամ այդ

աղէտը կամ փորձութիւնը կ’արտօնէ, եւ ճիշդ անոր համար

ալ կը մերժենք իր կամքը, կ’ընդդիմանանք անոր։ Մարդուն

բնութեան յատուկ է մերժել ոեւէ բան որ չի հասկնար։

Աստուած սակայն չ’ըսպասեր որ ամէն բան հասկնանք,

բայց կը սպասէ որ ամէն բան հաւատքով դիմակալենք։

Օգոստինոս կ'ըսէ. «Աստուած չ’ըսպասեր որ իր կամքը հասկնաս, բայց կը սպասէ որ հնազանդիս իր կամքին»։ Աստուծոյ կամքին հնազանդիլը առանց զայն հասկնալու`

կը փառաւորէ զԱստուած, իսկ մեզ` վարձքի կ'արժանացնէ։

Թէեւ ամէն բան չենք հասկնար, ամէն պատահած բանի

պատճառը կամ իմաստը չենք գիտեր, բայց վստահօրէն

գիտենք, որ Աստուծոյ կամքը մեզի համար բարին է,

կատարեալն է, եւ ամենէն գեղեցիկն ու յարմարը, եւ ուստի

անոր կամքին դիմաց խոնարհիլը` հոգիի իմաստութիւն է։

Page 17: New ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ · 2020. 8. 8. · 1 Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ Բովանդակութիւն 1) Յիսուսի ձեռքով

17

Ոտնլուան Քրիստոսի

Մեծութիւնը Հանդէս Կը Բերէ

Մե՛ծ է ոտնլուայի խորհուրդը։ Մե՛ծ է, որովհետեւ մեր

մե՛ծ Փրկիչն է որ կը ծնրադրէ մեղքով փոքրացած մարդկու-

թեան առջեւ։

Մե՛ծ է Քրիստոս` ո՛չ թէ որովհետեւ հրեղէն մարմիննե-

րուն կողմէ կը սպասաւորուի, այլ` որովհետեւ կը սպասա-

ւորէ հողեղէն մարմիններուն, ազատելու համար զանոնք

հողեղէնի գերութենէն։

Մե՛ծ է Քրիստոս, քանի Բարձրեալ Աստուածը ըլլալով

հանդերձ, նուաստութիւն չհամարեց իր աշակերտներուն

ոտքերուն դիմաց խոնարհիլը։

Մե՛ծ է Քրիստոս, որովհետեւ յաւիտենական թագաւոր

ըլլալով հանդերձ, անարգանք չսեպեց ժամանակաւոր հան-

գամանք ունեցող արարածներու ոտքերը լուալը։

Մե՛ծ է Քրիստոս, որովհետեւ միակ ու բացարձակ Սուր-

բը ըլլալով հանդերձ, պղծութիւն չհամարեց մեղաւորներուն

ոտքերուն դպնալը։

Մե՛ծ է Քրիստոս, որովհետեւ ամենազօր Տէրը ըլլալով

հանդերձ, տկարութիւն չհամարեց տկարութիւններով յատ-

կանշուած մարդոց ոտքերը լուալը։

Մե՛ծ է Քրիստոս, որովհետեւ անմեղ ու մեղքին համար

անմատչելի ըլլալով հանդերձ, չքաշուեցաւ մատչելու մեղա-

ւորներուն ոտքերուն։

Մե՛ծ է Քրիստոս, որովհետեւ ըլլալով հանդերձ Ամենա-

կալ այն Աստուածը որուն դիմաց օր մը ամբողջ մարդկու-

Page 18: New ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ · 2020. 8. 8. · 1 Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ Բովանդակութիւն 1) Յիսուսի ձեռքով

18

թիւնը պիտի ծնրադրէ, պզտիկութիւն չհամարեց ծնրադրել

իր ստեղծած մարդոց առջեւ։

Մե՛ծ է Քրիստոս, որովհետեւ փառքի Աստուածը ըլլա-

լով հանդերձ, նախատինք չսեպեց իր փառքը կորսնցուցած

մարդոց առջեւ խոնարհիլը։

Մե՛ծ է Քրիստոս, որովհետեւ հզօր Արարիչը ըլլալով

հանդերձ, իր խեղճ արարածներուն ոտքերը լուալը ամօթ

չնկատեց։

Մե՛ծ է Քրիստոս, որովհետեւ երկինքներու բարձունքնե-

րուն մէջ բազմող Եհովա Աստուածը ըլլալով հանդերձ, վի-

րաւորական բան չնկատեց գետին բազմիլ աշակերտներուն

առջեւ։

Մե՛ծ է Քրիստոս, ո՛չ թէ որովհետեւ երկինքէն երկիր

խոնարհեցաւ, այլ` որովհետեւ ինք որ Երկնաւորն էր` խո-

նարհեցաւ երկրաւոր մարդուն դիմաց։

Մե՛ծ է Քրիստոս, որովհետեւ հրաշափառն Աստուած կը

խոնարհի փառքէ զրկուած մարդոց առջեւ` զանոնք իր

փառքով ու դէպի իր փառքը բարձրացնելու համար։

Մե՛ծ է Քրիստոս, որովհետեւ ինք որ հրեշտակներուն

կողմէ սպասաւորութիւն կ’ընդունէր, հիմա ի՛նք կը սպասա-

ւորէ աշակերտներուն։

Մե՛ծ է Քրիստոս, որովհետեւ ինք որ Գլուխն է եկեղեց-

ւոյ՝ իջաւ ոտքին եկեղեցւոյ, որպէսզի իր եկեղեցւոյ բոլոր

«գլուխներուն» սորվեցնէ հոգատար ըլլալ իրենց խնամքին

յանձնուած հօտի անդամներուն հանդէպ, եւ խոնարհու-

թեամբ ծառայել անոնց։

Մե՛ծ է Քրիստոս, ո՛չ թէ որովհետեւ մեր պատկերը իր

վրայ առաւ, այլ որովհետեւ լուաց մեզ` իր պատկերը շնոր-

հելու համար մեզի։

Page 19: New ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ · 2020. 8. 8. · 1 Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ Բովանդակութիւն 1) Յիսուսի ձեռքով

19

Խորհրդածութիւններ

Ոտնլուայի Մասին

Քրիստոս որ տիեզերքը ջուրերու վրայ հաստատեց,

հիմա այս պահուս, ջուրերով աշակերտներուն ոտքերն է որ

կը հաստատէ ու կ’ամրացնէ։

Աշակերտները հետագայ եկեղեցիին հովիւները պիտի

ըլլային։ Անոնց ոտքերը լուալով, Տէրը ցոյց տուաւ անոնց ու

մեզի, թէ ինքն է պատրաստողը իր հովիւներուն, եւ թէ ինք

զօրավիգ է անոնց։

Աշակերտները կը ներկայացնեն քրիստոնէական առա-

ջին եկեղեցին։ Եւ ուստի, Քրիստոսի խոնարհիլը անոնց

ոտքերուն եւ զանոնք լուալը, կը պարզէ թէ Քրիստոս ինքն է

որ կը լուայ, կը սրբէ ու կ’աճեցնէ իր եկեղեցին։

Քրիստոս իջաւ իր աշակերտներուն ոտքին առջեւ,

որպէսզի զանոնք ոտքի կանգնեցնէ։

Քրիստոս լուաց ու մաքրեց այն ոտքերը զորս ինք ստեղ-

ծած էր, որպէսզի անոնք քալէին սրբութեան ճամբէն։ Թող

որ մե՛զ ալ լուայ, եւ օգնէ որ մենք ալ քալենք սրբութեան

ճամբէն։

Քրիստոս աշակերտներուն ոտքերը լուալով` անոնց

քայլերը զօրացուցած ու հաստատած եղաւ Չարին դէմ,

որպէսզի անոնք իրենք կարգին դառնային զօրացուցիչներն

ու հաստատիչները մարդոց քայլերուն։

Քրիստոս մաքրեց աշակերտներուն ոտքերը, որպէսզի

անոնք տարածիչները դառնային այդ մաքրութեան։ Անոնք

նախ պէտք էր մաքրուէին Քրիստոսի ձեռքով, եւ յետո՛յ

Page 20: New ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ · 2020. 8. 8. · 1 Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ Բովանդակութիւն 1) Յիսուսի ձեռքով

20

միայն երթային աշխարհը մաքրելու Քրիստոսի խօսքին քա-

րոզութեամբ։ Թող որ մեզ ալ մաքրէ Տէրը ու դարձնէ տարա-

ծիչները երկնային մաքրութեան։

Քրիստոս աշակերտներուն ոտքերը լուալով` անոնց

դիմաց Աւետարանը քարոզելու ճամբան բացուած յայտա-

րարեց։

Ջուրը չէր որ մաքրեց աշակերտները, այլ՝ Քրիստոսի

ձեռքին հպումը։ Թող որ մեզի ալ հպի ու մաքրէ Տիրոջ

ձեռքը։

Քրիստոսի ներկայութեան երկինքի մէջ սերովբէներն ու

քերովբէները իրենց թեւերով կը ծածկեն իրենց ոտքերը, որ

ցոյց կու տայ անոնց բացարձակ ամօթխածութիւնն ու յար-

գանքը անոր հանդէպ, իսկ հիմա, Քրիստոս ի՛նք կտորով մը

կը ծածկէ իր ոտքերը իր մեղաւոր աշակերտներուն առջեւ։

Ինչպէս սերովբէները կը վերաբերէին Քրիստոսի հանդէպ,

նոյն վերաբերմունքը Քրիստոս ինք ունեցաւ աշակերտնե-

րուն հանդէպ։ Զարմանալի՜ մեծութիւն։

Երբ Պետրոս չուզեց որ Քրիստոս իր ոտքերը լուայ,

Քրիստոս իրեն ըսաւ որ չի կրնար բաժին ունենալ իր հետ

եթէ զինք չլուայ։ Ասով սորվեցուց մեզի, որ Աստուծոյ արքա-

յութիւնը մաքուրներուն տեղն է, անարատներուն տեղն է,

իր արիւնով լուացուածներուն տեղն է։ Թող որ Տէրը օգնէ

մեզի որ իր շնորհքով մաքուր ու ամբասիր կեանք մը ապ-

րինք, որպէսզի չզրկուինք իր արքայութենէն։

Աշակերտները իրե՛նք պէտք ունէին խոնարհելու Քրիս-

տոսի ոտքերուն առջեւ, եւ ահա Քրիստոս ինք խոնարհեցաւ

անոնց առջեւ։ Այսօր ալ նոյնը չի՞ պատահիր։ Մարդիկ

իրե՛նք են որ պէտք ունին Քրիստոսի, եւ սակայն Քրիստոս

ինքն է որ ամէն օր տարբեր-տարբեր ձեւերով կու գայ

Page 21: New ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ · 2020. 8. 8. · 1 Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ Բովանդակութիւն 1) Յիսուսի ձեռքով

21

իրենց, տարբեր-տարբեր ձեւերով իրենց սրտին դուռը կը

թակէ։

Եթէ Քրիստոս Տէ՛ր ըլլալով խոնարհեցաւ իր ծառանե-

րուն առջեւ, մենք որ ծառայ ենք՝ ո՞րքան աւելի պէտք ունինք

խոնարհելու Քրիստոսի առջեւ, Քրիստոսի կամքին առջեւ,

Քրիստոսի խաչին առջեւ, եւ ոչ միայն Քրիստոսի՛ առջեւ, այլ

նաեւ իրարո՛ւ առջեւ, որովհետեւ Քրիստոս իր խոնարհու-

թեամբ սորվեցուց մեզի խոնարհաբար ծառայել իրարու։

Աշակերտներուն ոտքերը լուալու Քրիստոսի արարքը,

կը պարզէ անոր գուրգուրալից ու բարեկամական վերաբեր-

մունքը անոնց եւ բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք Աւետարանի

տարածիչները պիտի ըլլային։

Այդ քիչ մը ջուրը որ Քրիստոս գործածեց աշակերտ-

նրուն ոտքերը լուալու՝ վերածուեցաւ կենաց Գետի եւ մին-

չեւ այսօր մարդիկ այդ Գետին կու գան՝ անով եւ անոր մէջ

լուացուելու համար։

Աշակերտներուն ոտքերը լուալով, Քրիստոս ցոյց

տուաւ թէ ինքն է որ ինկածը կը կանգնեցնէ, տկարը կը զօ-

րացնէ, հինը կը նորոգէ, մեռածը կը կենդանացնէ, շնորհքէ

զուրկ եղողին՝ շնորհք կու տայ, պարգեւ չունեցողին՝ պար-

գեւ կը բաշխէ։ Արդարեւ, աշակերտներուն ոտքերը լուալը՝

զանոնք կանգնել էր, զօրացնել էր, նորոգել էր, կենդանացնել

էր, անոնց շնորհք ու պարգեւ տալ էր։

Քրիստոս արժանի է որ բոլոր մարդիկ ծունկի գան իր

առջեւ եւ իրենց ձեռքերովը իր սուրբ ոտքերը բռնեն ու համ-

բուրեն, իւղով օծեն ու իրենց մազերովը սրբեն, բայց ահա

Քրիստոս ինք է որ ծունկի կու գայ աշակերտներուն առջեւ

եւ անոնց ոտքերը կը լուայ։

Page 22: New ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ · 2020. 8. 8. · 1 Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ Բովանդակութիւն 1) Յիսուսի ձեռքով

22

Ոտնլուայի պահուն, Արարիչը ծունկի եկաւ իր արա-

րածներուն դիմաց ու ծառայեց անոնց։ Մենք՝ արարածներս,

պատրա՞ստ ենք ծունկի գալու մեր նման արարածներուն

առջեւ եւ ծառայելու անոնց։ Յիսուս իր հետեւորդներուս,

մեր նմանին ծառայել սորվեցնելու համար չէ՞ր որ ծունկի

եկաւ մեր նմանին առջեւ։

Ոտնլուայի պահուն, Անմեղը ծնրադրեց մեղաւորին առ-

ջեւ։ Մենք` մեղաւորներս, պատրա՞ստ ենք ծնրադրելու եւ

արցունք թափելու մեր նման մեղաւորներու փրկութեան

համար։

Ոտնլուայի պահուն, Ստեղծիչը ամօթ չհամարեց ծառա-

յել իր անկեալ ստեղծածներուն։ Մենք՝ ստեղծուածներս,

պատրա՞ստ ենք ծառայելու անոնց` որոնք ինկածներն ու

լքուածներն են։

Ոտնլուայի պահուն, Արդարն Աստուած սրբեց անար-

դար մարդիկը։ Մենք՝ անարդարներս, պատրա՞ստ ենք հե-

զաբար ծառայելու մեզի հանդէպ անարդար գտնուող մար-

դոց։