friday 14 02 14, volume # 9, issue # 25 a

12
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Բարերարները Ինչպէ՞ս Կրնան Բաւարարել Հայաստանի եւ Սփիւռքի Բազմաթիւ Կարիքները ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Ուրբաթ, 14 Փետրուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 25էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: Միացեալ Նահանգներու Քոլկէյթի համալսարանի բանասիրական գիտութիւններու փրոֆեսէօր Փիթըր Պալաքեան վերջերս գրած էր վերլուծական յօդուած մը` հետեւեալ վերնագիրով. “Խզուած կապ. հայկական գործարար համայնքը եւ մշակոյթի կերտումը”: Պալաքեան իր յօդուածին մէջ ափսոսանք կը յայտնէ, որ ամերիկահայ համայնքը չյաջողեցաւ աջակցիլ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող ցուցահանդէսին` Իլինոյի Հոլոքոսթի թանգարանին մէջ, 2015-ին Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախօրէին: “Արարատ լերան ստուերը. Հայոց Ցեղասպանութիւնը” անունը կրող ցուցահանդէսը պէտք էր ներկայացուէր ոչ միայն Իլինոյի Հոլոքոսթի թանգարանին մէջ, որ երկրորդ մեծագոյն նման հաստատութիւնն է Միացեալ Նահանգներու մէջ, այլ նաեւ` ամբողջ երկրին մէջ, թերեւս նաեւ` Եւրոպայի ու Հարաւային Ամերիկայի մէջ: Պալաքեան իր հիասթափութիւնը կ’արտայայտէ, որ Շիքակոյի հայ համայնքը չկրցաւ հաւաքել նիւթական ապահովութեան համար անհրաժեշտ Իլինոյի Հոլոքոսթի թանգարանը

Upload: ramgavar-party

Post on 17-Mar-2016

216 views

Category:

Documents


1 download

DESCRIPTION

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.

TRANSCRIPT

Page 1: Friday 14 02 14, volume # 9, issue # 25 a

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Բարերարները Ինչպէ՞ս Կրնան Բաւարարել

Հայաստանի եւ Սփիւռքի Բազմաթիւ Կարիքները ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Ուրբաթ, 14 Փետրուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 25/Հ էջ 1

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի:

Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը:

Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն

ներողամտութեան:

Միացեալ Նահանգներու Քոլկէյթի համալսարանի

բանասիրական գիտութիւններու փրոֆեսէօր Փիթըր Պալաքեան

վերջերս գրած էր վերլուծական յօդուած մը` հետեւեալ

վերնագիրով. “Խզուած կապ. հայկական գործարար համայնքը

եւ մշակոյթի կերտումը”:

Պալաքեան իր յօդուածին մէջ ափսոսանք կը յայտնէ, որ

ամերիկահայ համայնքը չյաջողեցաւ աջակցիլ Հայոց

Ցեղասպանութեան վերաբերող ցուցահանդէսին` Իլինոյի

Հոլոքոսթի թանգարանին մէջ, 2015-ին Ցեղասպանութեան

հարիւրամեակի նախօրէին:

“Արարատ լերան ստուերը. Հայոց Ցեղասպանութիւնը” անունը

կրող ցուցահանդէսը պէտք էր ներկայացուէր ոչ միայն Իլինոյի

Հոլոքոսթի թանգարանին մէջ, որ երկրորդ մեծագոյն նման

հաստատութիւնն է Միացեալ Նահանգներու մէջ, այլ նաեւ`

ամբողջ երկրին մէջ, թերեւս նաեւ` Եւրոպայի ու Հարաւային

Ամերիկայի մէջ:

“Արարատ լերան ստուերը. Հայոց

Ցեղասպանութիւնը” անունը կրող

ցուցահանդէսը պէտք էր ներկայացուէր ոչ միայն

Իլինոյի Հոլոքոսթի թանգարանին մէջ, որ

երկրորդ մեծագոյն նման հաստատութիւնն է

Միացեալ Նահանգներու մէջ, այլ նաեւ` ամբողջ

երկրին մէջ, թերեւս նաեւ` Եւրոպայի ու

Հարաւային Ամերիկայի մէջ:

Պալաքեան իր հիասթափութիւնը կ’արտայայտէ,

որ Շիքակոյի հայ համայնքը չկրցաւ հաւաքել

նիւթական ապահովութեան համար անհրաժեշտ

600 հազար տոլարը, որուն պատճառով

նախատեսուած ցուցահանդէսը չեղեալ

նկատուեցաւ: Անոր կարծիքով, այս երեւոյթը

“ընդհանրապէս կ’արտացոլացնէ Միացեալ

Նահանգներու մէջ հայկական համայնքին կողմէ

մշակոյթ ստեղծելու մեծ անյաջողութիւնը, որով

ես նկատի ունիմ` օգտագործել նիւթական

միջոցները մշակութային գործեր յղանալու եւ

Իլինոյի Հոլոքոսթի թանգարանը

Page 2: Friday 14 02 14, volume # 9, issue # 25 a

Ուրբաթ, 14 Փետրուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 25/Հ էջ 2

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն

նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան

նիւթական ապահովութեան համար անհրաժեշտ

600 հազար տոլարը, որուն պատճառով

նախատեսուած ցուցահանդէսը չեղեալ

նկատուեցաւ: Անոր կարծիքով, այս երեւոյթը

“ընդհանրապէս կ’արտացոլացնէ Միացեալ

Նահանգներու մէջ հայկական համայնքին կողմէ

մշակոյթ ստեղծելու մեծ անյաջողութիւնը, որով ես

նկատի ունիմ` օգտագործել նիւթական միջոցները

մշակութային գործեր յղանալու եւ արարելու

համար”: Պալաքեան կը կարծէ, թէ ամերիկահայերը

“ամերիկեան տարողութեամբ գրեթէ ոչինչ ունին

ցուցադրելու մշակութային արժէքներու

բնագաւառին մէջ”: Բացի որոշ բացառութիւններէ,

“հայերը չեն ստեղծած ամերիկեան տարողութեամբ

մշակութային հիմնադրամներ, թանգարաններ եւ

կատարողական արուեստի կեդրոններ”:

Պալաքեանը կը դժգոհի, որ` “Հայկական գործարար

համայնքը չկրցաւ իրականութիւն դարձնել Հայոց

Ցեղասպանութեան կամ հայոց պատմութեան այլ

դէպքերու մասին գեղարուեստական շարժանկար

մը: Ան կը մէջբերէ հրեայ դասախօս մը, որ իրեն

ըսած է. “Կը թուի, թէ կապը խզուած է հայ

գործարարներու եւ արուեստագէտներու միջեւ.

գործարարները չեն հասկնար, որ ներդրումները

արուեստի բնագաւառի մէջ կը նշանակեն

ներդրումներ` հայ քաղաքակրթութեան գոյութեան

շարունականութեան մէջ: Համայնքի մշակոյթին մէջ

ներդրում ընելը պէտք է ընկալուի իբրեւ հայ

ժողովուրդի անցեալի եւ ներկայ գոյութեան

գովերգութիւն, բան մը, որ թուրք չարագործները կը

փորձէին ջնջել: Ասիկա, ի հարկէ, հրէական

արուեստի մէջ հրէական բազմաթիւ ներդրումներու

փիլիսոփայութիւնն է: Ասիկա` “Հիթլերը գրողի ծոցը

ուղարկելու” մօտեցում է”:

Պալաքեանը կը դժգոհի, որ` “Հայկական գործարար համայնքը չկրցաւ իրականութիւն

դարձնել Հայոց Ցեղասպանութեան կամ հայոց պատմութեան այլ դէպքերու մասին

գեղարուեստական շարժանկար մը: Ան կը մէջբերէ հրեայ դասախօս մը, որ իրեն ըսած է. “Կը

թուի, թէ կապը խզուած է հայ գործարարներու եւ արուեստագէտներու միջեւ.

գործարարները չեն հասկնար, որ ներդրումները արուեստի բնագաւառի մէջ կը նշանակեն

ներդրումներ` հայ քաղաքակրթութեան գոյութեան շարունականութեան մէջ: Համայնքի

մշակոյթին մէջ ներդրում ընելը պէտք է ընկալուի իբրեւ հայ ժողովուրդի անցեալի եւ ներկայ

գոյութեան գովերգութիւն, բան մը, որ թուրք չարագործները կը փորձէին ջնջել: Ասիկա, ի

հարկէ, հրէական արուեստի մէջ հրէական բազմաթիւ ներդրումներու փիլիսոփայութիւնն է:

Ասիկա` “Հիթլերը գրողի ծոցը ուղարկելու” մօտեցում է”:

Թէեւ ես կը կիսեմ Պալաքեանին մտահոգութիւնները, սակայն պիտի ուզէի որոշ լրացուցիչ

միտքեր արտայայտել այս կարեւոր նիւթին առնչութեամբ.

1. Հայ բարերարներուն մեծ մասը կը նախընտրէ իր աւանդը ներդնել եւ անունը կապել

շօշափելի ծրագիրներու հետ, ինչպիսինք եկեղեցիներն ու դպրոցներն են, եւ ոչ թէ`

վերացական ձեռնարկներու, ինչպէս հանրային կապերն ու արուեստն են: Սակայն բոլորը

պէտք է գիտակցին, որ մեծահարուստ հայերը իրաւունք ունին դժուարութեամբ վաստակած

իրենց դրամը ծախսելու այնպէս, ինչպէս իրենք կը կամենան: Ատիկա իրենց դրամն է եւ

իրենք կ’որոշեն` ինչպէս ծախսել զայն:

Փիթըր Պալաքեան

Page 3: Friday 14 02 14, volume # 9, issue # 25 a

Ուրբաթ, 14 Փետրուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 25/Հ էջ 3

իրենց դրամը ծախսելու այնպէս, ինչպէս իրենք կը կամենան: Ատիկա իրենց դրամն է եւ

իրենք կ’որոշեն` ինչպէս ծախսել զայն:

2. Հայկական սփիւռքի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կարիքները այնքան վիթխարի

են, որ գործնական գետնի վրայ անգամ առատաձեռն բարերարներու համար անհնար է

բաւարարել բոլորին պահանջները:

3. Չկան հաստատուած մեքենականութիւններ համայնքի կարիքներու

առաջնահերթութեան սահմանման եւ ըստ արժանւոյն գնահատման համար:

Բարերարներն ու բարեսիրական կազմակերպութիւնները խեղդուած են խնդրանքներով`

շարժանկարներու, հրատարակութիւններու, արուեստի գործերու, Հայաստանի

օգնութեան, յուշարձաններու, յուշահամալիրներու, եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ

մանկատուներու ֆինանսաւորման համար: Շատ քիչ բարերարներ ժամանակ եւ

փորձառութիւն ունին գնահատելու համար բազմաբնոյթ ոլորտներէ ներկայացուող

ծրագիրներու որակն ու օգտակարութիւնը:

4. Երբեմն ծրագիրները կը ֆինանսաւորուին ոչ թէ ըստ իրենց արժանիքներուն, այլ`

նուիրատուի եւ ստացողի միջեւ անձնական յարաբերութիւններու հիման վրայ: Անիկա

կրնայ կախեալ ըլլալ անկէ, թէ ով է խնդրատուն:

5. Թէեւ հայերը բաւական առատաձեռն են իրենց համայնքի կազմակերպութիւններուն

աջակցելու գործին մէջ, սակայն խնդրանքները յաճախ կը գերազանցեն առկայ դրամական

միջոցները: Կարելի չէ անուանել կարիքի թէկուզ մէկ ոլորտ, որ բաւարար չափով կը

ֆինանսաւորուի, ներառեալ` հասարակական, մշակութային, կրօնական, քաղաքական,

մարզական եւ մարդասիրական գործունէութիւնները: Կարելի՞ է արդեօք ըսել, որ

դրամական միջոցները բաւարար են, որպէսզի կարենանք`

- Տպագրել այն բոլոր գիրքերը, որոնք արժանի են հրատարակման:

- Թուայնացնել հին ձեռագիրները եւ արժէքաւոր արխիւային նիւթերը` նախքան անոնց

ընդմիշտ կորուստը:

- Արտադրել մասնագիտական նկարահանուած գեղարուեստական եւ վաւերագրական

շարժանկարներ` Հայոց Ցեղասպանութեան եւ այլ թեմաներով:

- Ֆինանսաւորել Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ծրագիրները:

- Միջոցներ տրամադրել ընտրութեան համար` քաղաքական թեկնածուներու, որոնք կը

սատարեն հայկական հարցերուն:

- Հովանաւորել համերգներ, գեղարուեստական ցուցահանդէսներ, թանգարաններ,

բժշկական, գիտական եւ այլ արժանի անհամար ծրագիրներ:

- Բաւարարել սուրիահայերու գոյատեւման եւ Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի

աղքատներու եւ անապահովներու կենսական կարիքները:

Page 4: Friday 14 02 14, volume # 9, issue # 25 a

- Ֆինանսաւորել Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ծրագիրները:

- Միջոցներ տրամադրել ընտրութեան համար` քաղաքական թեկնածուներու, որոնք կը

սատարեն հայկական հարցերուն:

- Հովանաւորել համերգներ, գեղարուեստական ցուցահանդէսներ, թանգարաններ, բժշկական,

գիտական եւ այլ արժանի անհամար ծրագիրներ:

- Բաւարարել սուրիահայերու գոյատեւման եւ Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի

աղքատներու եւ անապահովներու կենսական կարիքները:

Ի հարկէ, նուիրատուները կրնան շատ բան ընել համայն հայութեան անվերջ թուացող

կարիքները հոգալու համար: Այնուամենայնիւ, նախ պէտք է ստեղծել մեքենականութիւն մը՝

ճշդելու համար զանազան կարիքներու առաջնահերթութիւնները, գնահատելու անոնց

արժանիքները եւ պատրաստելու մասնագիտացած ծրագիր` նուիրատուին ներկայացնելու

համար: Վերջապէս, նուիրատուութիւնը ստանալէ ետք պէտք է ներկայացնել պարբերական

հաշուետուութիւններ նուիրատուին ծրագիրին յառաջընթացին վերաբերեալ` ցոյց տալով, որ

տրամադրուած միջոցները պատշաճ ձեւով ծախսուած են խոստացուած նպատակներուն

հասնելու համար:

www.facebook.com/RAGmamoul

Ուրբաթ, 14 Փետրուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 25/Հ էջ 4

Page 5: Friday 14 02 14, volume # 9, issue # 25 a

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Page 6: Friday 14 02 14, volume # 9, issue # 25 a

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/03/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

Page 7: Friday 14 02 14, volume # 9, issue # 25 a
Page 8: Friday 14 02 14, volume # 9, issue # 25 a
Page 9: Friday 14 02 14, volume # 9, issue # 25 a
Page 10: Friday 14 02 14, volume # 9, issue # 25 a
Page 11: Friday 14 02 14, volume # 9, issue # 25 a
Page 12: Friday 14 02 14, volume # 9, issue # 25 a

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Պատասխանատու Խմբագիր՝

ԱՍԱՏՈՒՐ ՏԷՎԼԵԹԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ

ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի հասցէատէրերու,

բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, օրական մէկ նիւթի դրութեամբ, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ

բոլորին հասանելի կերպով, մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր

գրասենեակներուն մէջ սիրով խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են

ազգային առումով կենսական հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝

Հայկականութեան:

Hayg Nahabed and other Armenian Legends introduces young readers to the legendary Armenian heroes like: Hayg Nahabed, Vahakn the Dragon Killer, Dork Ankegh, Ara the Handsome, and King Dikran Yervantian. Edited By: Sevag Hagopian Illustrated By: David Bedrossian

Order through email:

[email protected]