bahbanel azadadench lernashkharh ue by hamo moskofian

17
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Պահպանել Ազատատենչ Լեռնաշխարհը ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ Չորեքշաբթի, 2 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 58 էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: Անցնող քսան եւ հինգ տարիներու ընթացքին հարիւրաւոր լիբանանահայեր նուիրուեցան Արցախի ազատագրման, պահպանման, այնուհետեւ անոր զարգացման ազգաշինարար, յոյժ կարեւոր եւ սրբազան գործին: Ստորեւ կը ներկայացնենք այս ազգանուէր անհատներէն փունջ մը իրենց խօսքերուն ընդմէջէն՝ յապաւումներով, կարելիութեան սամաններուն մէջ հարազատ մնալով իրենց արտայայտութիւններուն: Մեր ցանկութիւնն ու յոյսն է որ անոնց նուիրումը վարակիչ կը դառնայ՝ ընդգրկելով յատկապէս նորանոր երիտասարդներ: ԲԵՆԻԱՄԻՆ ՊՉԱՔՃԵԱՆ - Բոլորին ծանօթ է Լիբանանի հայութեան կարեւոր ներդրումը արցախեան տագնապի եւ ազատագրական շարժման առաջին օրերէն իսկ։ Լիբանանի մէջ ստեղծուեցաւ Արցախի օժանդակութեան մարմին մը, որ պատերազմի հետեւանքով յառաջ եկած կարիքները սկսաւ հոգալ։ Դեղորայք, հագուստեղէն, ուտելիք, իր կարողութեան սահմաններուն մէջ իր օժանդակութիւնը բերաւ, սակայն, երբ զինադադարը եղաւ եւ պետական վերակառուցման գործընթացը սկսաւ, այդ տրամաբանութիւնը պէտք է փոխուէր։ Այդ արդէն օժանդակութիւն չէր այլեւս, այլ Արցախի վերաբնակեցումն ու վերաշինութիւնն էր։ Ճիշդ անոր համար մարմնին անունը փոխուեցաւ եւ 2006 թուականէն ի վեր կը կոչուի «Արցախ Ֆոնտ»։ Այսինքն՝ վերաշինութիւն եւ վերաբնակեցում, ուր ոչ միայն Լիբանանը կօժանդակէ, այլեւ մասնակից կը դառնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կայունացման մեծ գործին։

Upload: ramgavar-party

Post on 29-Mar-2016

234 views

Category:

Documents


7 download

DESCRIPTION

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.

TRANSCRIPT

Page 1: Bahbanel azadadench lernashkharh ue by hamo moskofian

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Պահպանել Ազատատենչ Լեռնաշխարհը

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ

Չորեքշաբթի, 2 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 58 էջ 1

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի:

Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը:

Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն

ներողամտութեան:

Անցնող քսան եւ հինգ տարիներու ընթացքին հարիւրաւոր

լիբանանահայեր նուիրուեցան Արցախի ազատագրման, պահպանման, այնուհետեւ անոր զարգացման ազգաշինարար, յոյժ կարեւոր եւ սրբազան գործին: Ստորեւ կը ներկայացնենք այս ազգանուէր անհատներէն փունջ մը իրենց խօսքերուն ընդմէջէն՝ յապաւումներով, կարելիութեան սամաններուն մէջ հարազատ մնալով իրենց արտայայտութիւններուն: Մեր ցանկութիւնն ու յոյսն է որ անոնց նուիրումը վարակիչ կը դառնայ՝ ընդգրկելով յատկապէս նորանոր երիտասարդներ:

ԲԵՆԻԱՄԻՆ ՊՉԱՔՃԵԱՆ

- Բոլորին ծանօթ է Լիբանանի հայութեան կարեւոր ներդրումը արցախեան տագնապի եւ

ազատագրական շարժման առաջին օրերէն իսկ։ Լիբանանի մէջ ստեղծուեցաւ Արցախի

օժանդակութեան մարմին մը, որ պատերազմի հետեւանքով յառաջ եկած կարիքները սկսաւ

հոգալ։ Դեղորայք, հագուստեղէն, ուտելիք, իր կարողութեան սահմաններուն մէջ իր

օժանդակութիւնը բերաւ, սակայն, երբ զինադադարը եղաւ եւ պետական վերակառուցման

գործընթացը սկսաւ, այդ տրամաբանութիւնը պէտք է փոխուէր։ Այդ արդէն օժանդակութիւն չէր

այլեւս, այլ Արցախի վերաբնակեցումն ու վերաշինութիւնն էր։ Ճիշդ անոր համար մարմնին

անունը փոխուեցաւ եւ 2006 թուականէն ի վեր կը կոչուի «Արցախ Ֆոնտ»։ Այսինքն՝

վերաշինութիւն եւ վերաբնակեցում, ուր ոչ միայն Լիբանանը կ’օժանդակէ, այլեւ մասնակից կը

դառնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կայունացման մեծ գործին։

Page 2: Bahbanel azadadench lernashkharh ue by hamo moskofian

Չորեքշաբթի, 2 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 58 էջ 2

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն

նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան

Մեր բոլոր աշխատանքները կը

համակարգենք Արցախի պետական

կառոյցներուն հետ։ Անիկա կը գործէ

Լիբանանի մակարդակով՝ առանց

կուսակցական եւ յարանուանական

տարբերութիւններ դնելու եւ բոլորն ալ կը

մասնակցին մեր աշխատանքներուն։

Իբրեւ սկզբունք, մենք որոշեցինք

զարգացնել վերաբնակեցումը, որուն

համար շատ մտածեցինք ձեւերուն

մասին։ Իբրեւ մարմին, մեր ուժերէն վեր

էր այստեղէն ընտանիքներ տանիլ

Արցախ։ Աւելի ճիշդ կ’ըլլայ այդ

ֆինանսական միջոցները ծախսել հոն

բնակութիւն հաստատած ընտանիքնե-

րուն կեցութեան վրայ։ Պէտք է քաջալերենք զանոնք, որոնք հողին վրայ են, որպէսզի բազմանան,

կառչած մնան հողին եւ պայմաններ ստեղծուին, որ նորերը գան։

Քաջալերելու համար բազմազաւակութիւնը, 3-րդ զաւակ ունեցողներուն՝ կով մը կը

տրամադրենք ձրի՝ 3 տարուան պայմանագրով, որ նորածինին կարիքները հոգայ, իրաւունք

չտալով մորթելու եւ ծախելու, իսկ կաթնամթերքէն ստացուած եկամուտը ամբողջութեամբ

ընտնիքինն է։

Այդ ծրագիրը սկսաւ 2007 թուականին եւ մինչեւ այսօր, 770 կով արդէն տրամադրուած են

նորածին երեխաներու։ Այդ գումարները ինչպէ՞ս կը գոյանան Լիբանանի մէջ։ Մենք մեծ

նուիրատուներու չէ որ կը դիմենք, այլ մասնակից կը դարձնենք Լիբանանի հայութիւնը,

ամսական դրութեամբ...: Մեր թիրախը եղած է 2000 լիբանանցիներ մասնակից դարձնել փոքր

նուիրատուութիւններով «Նոր Կեանք, Նոր Յոյս» ծրագրով։ Քանի մը տարիէ ի վեր կ’ուղարկենք

բուժ-քոյրեր Քաշաթաղի համայնքներուն. [նաեւ] առաջին օգնութեան կազմածներ՝ ճնշաչափեր,

շաքարախտի գործիքներ, միաժամանակ բացատրելով օգտագործման եղանակը։ Ինչո՞ւ համար

այս բոլորը։ Որովհետեւ Քաշաթաղի շրջանը 3500 քառ.քլմ. է եւ ամենամօտ հիւանդանոցը կը

գտնուի Բերձորի մէջ, ... այնտեղի ճանապարհներու պայմաններով՝ 4-5 ժամ կ’առնէ։

Առաջին տարին բուժ-օգնութեան պիտոյքներ բաժնեցինք, երկրորդ տարին բժշկական

կանխորոշման դասախօսութիւններ կազմակերպեցինք։ 3-րդ տարին պայմանագիր մը

ստորագրեցինք Երեւանի ամերիկեան համալսարանի առողջապահական բաժանմունքին հետ եւ

ուսումնասիրութիւն մը կատարեցինք Քաշաթաղի շրջանին մէջ, որպէսզի գիտնանք թէ

Page 3: Bahbanel azadadench lernashkharh ue by hamo moskofian

Չորեքշաբթի, 2 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 58 էջ 3

առողջապահական մակարդակը բարձրացնելու համար ի՞նչ են առիթները եւ ռազմավարական

առումով նախագիծ մը պատրաստուեցաւ, առողջապահական իրավիճակը զարգացնելու

համար։ Ծրագիրը պատրաստ է, սիրայօժար կերպով պատրաստուած ամերիկեան

համալսարանի առողջապահական բաժանմունքին կողմէ։ Գործնականացնելու համար այժմ

պէտք է ներդրողներ գտնենք, հանգրուան առ հանգրուան զայն իրականացնելու համար։

Պետութիւնը արդէն մաս մը իրագործած է։ Կեդրոնական հիւանդանոցը բարելաւուած է,

Կովսականի հիւանդանոցը հիմնովին վերանորոգուած է։ Պատրաստ ենք դիմելու Հայաստանի

շրջանաւարտներու եւ Հայ Բժիշկներու Միութեան, Լ.Օ.Խ.ին եւ այլոց, որպէսզի իրենց

մասնակցութիւնը բերեն զանազան բաժիններու մէջ։

Մեր 3-րդ ծրագիրը՝ «Գոյք Արցախի Դպրոցին» ծրագիրն է։ ... Մեծ եւ փոքր գումարներով

յաջողած ենք 7 դպրոցներ օժտել համակարգիչներով եւ անհրաժեշտ գոյքով։ Այժմ պետութիւնը,

շնորհիւ արժանթինահայ բարերար Էռնեսթօ Էրնեկեանի, արցախցի ամէն մէկ աշակերտ-

աշակերտուհիի կը ծրագրէ օժտել ipad-ով մը...։

Կովսականի մէջ պարախումբ մը

հիմնած է Հայաստանի Թալին

(Սասունցի) աւանէն Կարէնը։ Ան իր

պարախումբով, մշակութային

կեանքով օգտաշատ զբաղմունք կը

ստեղծէ գիւղին թէ շրջանին

երիտասարդութեան համար։ Մենք

Կարէնին օգնեցինք առաջին տարին՝

ազգագրական տարազներով, ապա

2-րդ տարին՝ ձայնի սարքաւորման

գործիքներ տալով։ Այս տարի

տրամադրեցինք mini-van մը որ

գիւղերէն երեխաները հաւաքէ եւ

բերէ փորձի։

Մենք այլ ծրագիր ալ ունինք, որուն

նախաձեռնութիւնը կը պատկանի

Արցախի Կրթութեան նախարար

Վլատիկ Խաչատուրեանին:

Լիբանան եւ հայկական դպրոցներ

այցելութեան ընթացքին նախարարը

առաջարկեց աւարտական երկու

Page 4: Bahbanel azadadench lernashkharh ue by hamo moskofian

դասարաններու աշակերտներուն համար կազմակերպել ռազմամարզական ճամբար մը

Արցախի մէջ։ Սկիզբը՝ որոշ մտահոգութեամբ եւ ապա առաջին տարին 12 երիտասարդներ

ուղարկեցինք, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց եւ անոնք հայրենասիրութեամբ

պատուաստուած վերադարձան։ Այսօր՝ 4-րդ տարին է արդէն որ 10-11-12-րդ դասարաններու հայ

աշակերտներ կ’երթան որ արցախեան բանակի առօրեային հետ կապուին։ Բան մը որ իրենց

համար դաստիարակիչ է։

2008 թուին, ԱՄՆ-ի «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամը կազմակերպած էր խորհրդաժողով մը,

նախագահութեամբ Լ.Ղ. Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, որուն թեման՝ 3500

քառ. քլմ. տարածքով Քաշաթաղի վերաբնակեցումն էր, որուն բնակչութիւնը 12 հազարը

չ'անցնիր... բարեբեր հող եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Հայաստանը Արցախին

կապող ճանապարհները այստեղէն կ’անցնին։ 70 տարիներ շարունակ, ազերիներու ճիգերով

լրիւ հայաթափուած է եւ կը սպառնար ենթարկուիլ Նախիջեւանի ճակատագրին։

Բարեբախտաբար, այսօր ազատագրուած եւ վերաբնակեցուած է Քաշաթաղը, սակայն այս

շրջանները գրաւիչ դառնալու համար ներդրումներու կարիքը ունին։

«Թիւֆէնքեան»ի կազմակերպած խորհրդաժողովի մասակիցները Արցախի հետ առնչուող բոլոր

կազմակերպութիւններն էին։ Ներկայ էին զոյգ կաթողիկոսական աթոռները (Մայր Աթոռ Սբ.

Էջմիածինն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ), կուսակցութիւններ, կազմակերպութիւններ,

պատգամաւորներ, նպատակ ունենալով բնակչութիւնը հասցնել 20 հազարի։ Մասնակից էր նաեւ

«Արցախ Ֆոնտ»ը։ Միայն նուիրատուութիւններով չէինք կրնար իրագործել մեր նպատակները,

այլեւ՝ վերաբնակողներուն մօտ նախաձեռնութեան ոգին զարգացնելով եւ միջոցները տալով, որ

աշխատին ու զարգանան։ Անոր համար է որ ստեղծեցինք «ԱՐԻ» ծրագիրը, որուն մասին ուրիշ

Չորեքշաբթի, 2 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 58 էջ 4

Page 5: Bahbanel azadadench lernashkharh ue by hamo moskofian

առիթով մանրամասն կը խօսինք։ Հայաստանը, այսօր 7-8 միլիոն տոլարի սննդամթերք կը ներածէ։

Եթէ կարողացանք Արցախը եւ Քաշաթաղը վերածել Հայաստանի “սնունդի զամփիւղ”ին (food

basket), որուն համար պայմանները նպաստաւոր են, ապահովուած Հայաստանը կ’ըլլայ որեւէ

տեսակի ցնցումէ։

ՄԵԼՔՈՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

- Ազգային մըն եմ. կը հաւատամ Արցախի անկախութեան եւ շնորհիւ անոր է որ ինքզինքս հայ կը

զգամ։ Տարին մի քանի անգամ կ’այցելեմ. բացարձակ վստահութիւն ունիմ ղեկավարութեան վրայ։

Մեր գործունէութիւնը, ռազմավարական իմաստով, Լաչին-Բերձորի շրջանին մէջ է։ Մենք 3-րդ

զաւակ ունեցողին կով մը կու տանք։ Արդէն 7-րդ տարին է եւ շուրջ 180 կով բաժնած ենք։

Բնակչութեան թիւն է մեզի համար կարեւորը։ Հողը մարդու կը կարօտի։ Եթէ հողը մարդ չունի,

ապա ուրիշինն է։ Սփիւռքահայը եթէ ինքզինք պիտի արդարացնէ, եթէ Արցախի եւ Հայաստանի

պետութեանց հետ չկապուի ոգի ի բռին, իր գոյութեան իմաստը այստեղ բան մը չ’ըսեր։ Այնտեղ

մարդու կարիք կայ։ Պէտք է մեր կառոյցները աշխուժացնել եւ այնտեղ ամէն բնագաւառի մէջ եւ

բոլոր մակարդակներով աշխատանքներ իրագործել։

Չորեքշաբթի, 2 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 58 էջ 5

Այս գործունէութեան առընթեր, «ԱՐԻ» ընկերութիւնը հիմնադրեցինք։ 2007 թուին՝ Բերձորի մէջ 80

կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ ստեղծուեցաւ Artsakh Investment (ARI) ներդրումային

կառոյցը: 16 անձեր, գործարարներ եւ քաղաքապետներ Արցախ տարինք եւ 350 հազար տոլար

հաւաքեցինք։

Արցախի մուտքին, Գորիսէն գալով, 150 տուն պարունակող գիւղ մը պիտի կառուցենք, որուն 50

տան համար համաձայնագիր եղած է. նաեւ Արցախի 800 ընտանիքներներուն համար ներդրում

եղած է։

Page 6: Bahbanel azadadench lernashkharh ue by hamo moskofian

Չորեքշաբթի, 2 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 58 էջ 6

Իւրաքանչիւր 30 ընտանիքի, 100 հազար տոլար կ’ուղարկենք: Լ.Ղ. Հանրապետութեան

վարչապետը նաեւ «ԱՐԻ»ի անդամ է։ Այսօր 750 ընտանիք օժանդակութիւն կը ստանայ։

Բոլոր կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն եւ անդամներուն

միացեալ ջանքերով է որ կ’իրագործենք Արցախի ծաղկումն ու բարգաւաճումը:»

ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

- Արցախ երթալը դիւրին է սակայն վերադարձը՝ դժուար ...։ Իսկապէս որ անոնք, որոնք անգամ

մը Արցախ կ’երթան, եւ հաճոյքը կ’ապրին ընդրգկուելով այնտեղի կեանքէն ներս, չեն կրնար

բաժնուիլ անկէ։ Պատերազմը հերոսական յաղթանակով պսակելը, նոյնիսկ, այնքան դժուար չէ

որքան խաղաղութեան «յաղթանակը» ապահովելը...։ Հիմա որ վաստակած ենք մեր յաղթանակը

պատերազմի մէջ, այդ բոլորը նուիրագործելը անսահմանօրէն կենսական է եւ

պատասխանատուութիւն կ’ենթադրէ։ Երբ որ Արցախի մէջ պատերազմ է, տեղացին կը մոռնայ

որ օժանդակութեան կարիքը ունի, զէնքը կ’առնէ եւ կը կռուի։ Սակայն երբ որ բնական

պայմաններ ըլլան, մարդ առօրեայ կեանք մը պիտի ապրի եւ հոն է որ պիտի զգայ

դժուարութիւնները, տառապանքը եւ կորսուած հարազատներուն բացակայութիւնը։ Հոս է որ

պիտի սկսի մեր գործը։ Արցախը չձգել, տնտեսական աճին նպաստել, որպէսզի հզօրանայ ու

երկրորդ պատերազմը եւս՝ խաղաղութիւն ապահովելը, յաղթանակով աւարտի։

ՄԱՐԱԼ ՄԱՀՍԵՐԵՃԵԱՆ

- 2010-էն ի վեր «Արցախ Ֆոնտ»ի կազմին մէջ եմ մասնակցելով բուժ-օգնութեան

աշխատանքներուն։ Քաշաթաղի 52 համայնքներուն մէջ նախնական բուժ-օգնութեան սարքեր

տրամադրեցինք։ Ապա, կենցաղային եւ առողջապահական ծրագիրներու ծիրին մէջ

դաստիարակչական աշխատանքներ իրագործեցինք։

2012-13-էն ի վեր, Կովսական աւանին մէջ Օգոստոս ամսուն տեղի կ’ունենայ Կանանց

Համագործակցականի ցուցահանդէսը, ուր կը ցուցադրուին ձեռային աշխատանքներ, որոնք

Լիբանանի մէջ ստեղծուած են։ Կանայք իրենց ամուսիններուն նիւթապէս նեցուկ կանգնած են,

ապահովելու համար իրենց օրապահիկը։ Այսպիսի օրինակներ կան Հայաստանի տարբեր

քաղաքներու մէջ, անոր համար ալ առաջին անգամ իրագործուեցաւ Կովսականի մէջ։ Հայը հայ

է ուր որ ալ ըլլայ, եթէ եկած է Սուրիայէն կամ Հայաստանէն եւ երբեք տարբերութիւն չենք դներ

ոեւէ Կովսականցիի միջեւ։

ԴՐՕ ՄՍԸՐԼԵԱՆ

Page 7: Bahbanel azadadench lernashkharh ue by hamo moskofian

www.facebook.com/RAGmamoul

Չորեքշաբթի, 2 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 58 էջ 7

- 2006 թուականէն ասդին, «Արցախ Ֆոնտ»ը

ծրագիր մը ունէր. նպատակը այն էր որ

իւրաքանչիւր 3-րդ զաւակը ունեցող

ընտանիքին կով մը տրամադրուի։ Այսինքն՝

զաւակը որ կը ծնի, իր հետ կը ծնի նաեւ

ապրելու յոյսը:

Իմ աշխատանքս այն է, որ որ տեսակցիմ այն

ընտանիքներուն հետ, որոնք իրենց 3-րդ

նորածինը ունենալէ ետք դիմում

ներկայացուցած էին որ անոնց կով մը

նուիրենք, որպէսզի արտադրուած կաթն ու

կաթնամթերքը նորածինին սնունդ դառնան։

Անոնք տեղական կովեր են, վարժուած

տեղական պայմաններուն։ Անոնց վաճառքի

թղթաբանութիւնը մենք կը կատարենք,

պետական եւ օրինական ճամբով։

Պէյրութ, Լիբանան

Page 8: Bahbanel azadadench lernashkharh ue by hamo moskofian

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Page 9: Bahbanel azadadench lernashkharh ue by hamo moskofian

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/03/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

Page 10: Bahbanel azadadench lernashkharh ue by hamo moskofian
Page 11: Bahbanel azadadench lernashkharh ue by hamo moskofian
Page 12: Bahbanel azadadench lernashkharh ue by hamo moskofian
Page 13: Bahbanel azadadench lernashkharh ue by hamo moskofian
Page 14: Bahbanel azadadench lernashkharh ue by hamo moskofian
Page 15: Bahbanel azadadench lernashkharh ue by hamo moskofian
Page 16: Bahbanel azadadench lernashkharh ue by hamo moskofian
Page 17: Bahbanel azadadench lernashkharh ue by hamo moskofian

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Պատասխանատու Խմբագիր՝

ԱՍԱՏՈՒՐ ՏԷՎԼԵԹԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ

ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի հասցէատէրերու,

բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, օրական մէկ նիւթի դրութեամբ, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ

բոլորին հասանելի կերպով, մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր

գրասենեակներուն մէջ սիրով խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են

ազգային առումով կենսական հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝

Հայկականութեան:

ENJOY YOUR WORDBOOK presents over 1000 words in a

variety of lively and realistic settings. It gives to young

learners a sound and enjoyable introduction to the

presented Armenian/Arabic/English languages.

Order through email:

[email protected]